Ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի կեդրոնատեղին` մօտէն հետեւելու լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան աշխատանքներուն: Սրբազան հօր կ՛ընկերանար Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան:
Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան ներկայացուց կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւններու տրամադրման կարգը: Նկատի առնելով պահանջը` ան ըսաւ, որ մեր ակնկալութիւններէն շատ աւելի դիմումներ ստանալուն պատճառով, արդէն իսկ առաջնորդարանէն յաւելեալ պաշտօնեաներ միացած են, որպէսզի փոխանցումները կատարուին աւելի արագ կերպով, եւ գործընթացը ունենայ առաւել հեզասահ ու կազմակերպուած բնոյթ:
Նարեկ արքեպիսկոպոս ընտանիքներու հետ երկխօսութեան ընթացքին շեշտեց, որ մեր բարերարներուն գնահատելի ներդրումին շնորհիւ այսօր կրնանք մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ մեր ընտանիքներու կարիքներուն հասնիլ: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ ընկերային-տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ հայորդիներուն զօրակցիլը մեր պարտաւորութիւնն է, որովհետեւ մէկ ընտանիք ենք: Սրբազան հայրը վստահեցուց, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս լիբանանահայութիւնը հաւաքաբար պիտի յաղթահարէ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները:




