Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկային Տօնը

December 23, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին` Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակի տօնը: Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Պատարագէն ետք, ըստ աւանդութեան, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սարկաւագներուն պատրաստութեամբ յատուկ յայտագիր մը:

Պատարագիչ սրբազանի քարոզին առանցքը կազմեց աղօթասացութեան կեդրոնական կարեւորութիւնը անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ: Բացատրելէ ետք սարկաւագ բառին իմաստը` ան ամփոփեց Ս. Ստեփանոսի նուիրական կեանքն ու առաքելութիւնը` նշելով, որ Գործք առաքելոց գիրքին մէջ սուրբէն արձանագրուած են երկու աղօթքներ, որոնք արտասանած է քաղաքէն դուրս անարդարօրէն քարկոծուելու ժամանակ, որմէ ետք սուրբին առջեւ բացուած է երկինքը: Այս իմաստով, սրբազանը խօսեցաւ Աւետարանին վկայութեամբ աղօթքին ու անոր շնորհիւ երկինքի բացուելու դէպքերուն մասին, ու կապելով ներկային` շեշտեց, որ Լիբանանի այսօրուան կացութեան ներքեւ, վեհափառ հայրապետին կարիքաւորներուն հասնելու կոչը մեզ կը հրաւիրէ Ս. Ստեփանոս սարկաւագին լուծը առնելու մեր վրայ` հոգեւորական թէ աշխարհական, որովհետեւ ոչ թէ տիտղոսը, այլ գործն է էականը:

Վեհարանի դահլիճին մէջ, Գրիգոր սրկ. Արապաթլեան արտասանեց յայտագիրին բացման խօսքը, որուն ընդմէջէն ան դպրեվանքի սարկաւագաց դասին անունով վերանորոգեց իր ուխտը հաւատարիմ մնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու հետեւելու մարտիրոսին օրինակին:

Սուրբին նուիրուած շարականներու երգեցողութեան ու Նարեկ սրկ. Ֆիլիկեանի կողմէ Աւետարանէն հատուածի մը ընթերցանութեան յաջորդեց վեհափառ հայրապետին հայրապետական պատգամը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոս նախավկային ցուցաբերած երեք յատկութիւններուն, որոնք են` Աստուածսիրութիւնը, ծառայութիւնը կեանքի վերածելը եւ խոնարհութեամբ ճշմարիտ մեծութիւն ըլլալը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի հետեւիլ, որ իր կարգին կը նշանակէ մեր կեանքը լեցնել Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած արժէքներով: Ս. Ստեփանոս ո՛չ միայն սիրեց զԱստուած, այլ այդ սէրը ծառայելով կեանքի վերածեց, որովհետեւ Աստուածսիրութիւն կը նշանակէ մարդասիրութիւն ու ծառայասիրութիւն: Ան նշեց, որ մեր ունեցուածքը կը պարտինք Աստուծոյ, իսկ Ս. Ստեփանոսի օրինակը մեզ կը յիշեցնէ, թէ մեր մեծութիւնը ոչ թէ աթոռով, գաւազանով, վկայականով կամ նիւթականով կը կերտենք, այլ Աստուածսիրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ: «Այսօր մենք կարիքը ունինք Ս. Ստեփանոսներու` հոգեւորական թէ աշխարհական, որովհետեւ սուրբը խորհրդանիշ եւ պատգամ մըն է ճշմարիտ մեծութեան», իր խօսքը եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով:

 

 

Նախորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մօտէն Կը Հետեւի Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութեան Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Նուիրատուութիւնը

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.