Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» Հատորներուն Շնորհահանդէսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Դեկտեմբեր 21, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսչութեան, հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական երկերու ժողովածու» հատորներուն շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներէն Շողիկ Եփրեմեան: Ան նշեց, որ շնորհահանդէսը առիթ է մեծարելու Կոմիտաս վարդապետի վաստակը տարածող ու իր կարգին հայ դասական ժողովրդային երաժշտութիւնը հարստացնող հայ մեծ երաժիշտին` Բարսեղ Կանաչեանին:

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի կենսագրականը` շեշտը դնելով երաժշտական ասպարէզին մէջ անոր ունեցած ներդրումին:

Մեղրիկ եպս. Բարիքեան վեր առաւ Կանաչեանի երաժշտական վաստակը եւ կատարեց վերլուծութիւնը անոր երաժշտական հոգեբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ արժէքաբանութեան` նշելով, որ Կանաչեան ոչ թէ աշակերտած է Կոմիտասին, այլ ան երաժիշտ էր արդէն նախքան Կոմիտասին հանդիպիլը: Սրբազանը ըսաւ, որ անկարելի է Կանաչեանը բաղդատել այս կամ այն երաժիշտին հետ, եւ ի դէպ` Կանաչեան միջազգային երաժշտութեան երկնակամարին վրայ գտնուող օտար երաժիշտներուն հետ համահաւասար արժէք ունի, երբեմն ալ` քիչ մը աւելի:

Ապա, մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան արտասանեց իր խօսքը, ուր իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին` «Երաժշտական երկերու ժողովածու» գործին իր տուած օրհնութեան եւ արտօնութեան համար, հակառակ դժուարին կացութիւններուն. նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկհատորեակի երկու մասնագէտներուն` երգահաւաք եւ երաժշտաբան Պետրոս Ալահայտոյեանին եւ երաժշտական խմբագիր եւ համակարգչային նօթագրող  դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանին, ինչպէս նաեւ մեկենասներուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ 2020 տարուան ընթացքին Երեւանի Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ եւս պիտի կատարուի սոյն ժողովածուին շնորհահանդէսը:

Աւարտին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը: «Եթէ այս պատերը լեզու ունենային` Կանաչեանին երգերը պիտի երգէին», սկսաւ իր խօսքը ու շարունակեց ըսելով, որ իր աշակերտական օրերուն այս նոյն սրահին մէջ կը կազմակերպուէին բազմաթիւ ձեռնարկներ, ուր Կոմիտասի կողքին կ՛երգուէին Կանաչեանին մշակումները: Ան շեշտեց, որ երբեմն աշակերտները կը գերազանցեն իրենց ուսուցիչները, ինչպէս կարելի է սեպել Կանաչեանին պարագան, եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Կանաչեան այլապէս Կոմիտաս մը եղաւ. այս գծով ան ափսոսաց, որ հայրենիքին մէջ անհրաժեշտ ուշադրութիւնն ու արժէքը չէ տրուած Կանաչեանի վաստակին: Իր խօսքի աւարտին, ան իր գնահատանքը յայտնեց Շահան սրբազանին, որ այս գործին նախաձեռնողը եղած էր` նշելով, որ հայ եկեղեցին ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յատկապէս իրենց յատկանշական ներդրումը ունեցած են, կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն ունենալ հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն զարգացման ու պահպանման մէջ, եւ այս ինքնին իրագործում է:

Նշենք, որ շնորհահանդէսի ընթացքին ներկաներուն հրապուրեցին դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` երգելով Կանաչեանի «Հայրենի կարօտ»-ը, «Ռազմերգ»-ը եւ «Բամբ որոտան»-ը, եւ Շողիկ Թորոսեան` մեներգելով «Օրօր»-ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգին խմբերգով:

 

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Աւանդական Ձեռնարկ` «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 4. Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքի Նուիրատուութիւնը

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?