Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա Ասատ Այցելեց Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ Մասնակցեցաւ Կաղանդի Խրախճանքին

December 23, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2019-ին, Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը կիսամեայ քննութիւններուն աւարտին մեծ տօնախմբութեամբ, ամբողջ տարուան մը անձկալի սպասումէն ետք, տօնեց Կաղանդը` ցնծալի խրախճանքով:

Աշակերտներուն ցնծութեան եւ ուրախութեան հիւրաբար մասնակից դարձան` Սուրիոյ նախագահական պալատի ներկայացուցիչներն ու Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան, «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչներն ու վարժարանի հոգաբարձութեան անդամները:

Վարժարանի տնօրէնը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհաւորեց աշակերտները այս ուրախալի առիթով` մաղթելով բոլորին ուրախ եւ յաջող տարի: Աշակերտները իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն ձերբազատուելով, կենսուրախ եւ մեծ եռանդով սկսան երգել Կաղանդի յատուկ երգերը` «Լուռ գիշեր», «Ծա՛փ զարկ, աշխարհ» եւ «Զանգակներ» երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն:

Այնուհետեւ Սուրիոյ Առաջին տիկին Ասմա Ասատը անակնկալօրէն սրահէն ներս մտաւ: Ի տես Առաջին տիկնոջ` աշակերտներուն ուրախութեան ճիչերն ու ծափողջոյնները ողողեցին վարժարանի երկու յարկերը: Առաջին տիկինը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ. «Ճիշդ է, որ պատերազմը քանդեց վարժարանը, բայց պետութիւնը վերանորոգեց եւ շինեց քանդուածը, որպէսզի դուք ուրախ եւ ապահով շարունակէք ձեր ուսումը այս կրթօճախին մէջ»: Ապա Ասմա Ասատ շնորհաւորեց աշակերտներուն ուսումնատենչ ոգին, ամանորեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց ու մասնաւորաբար հայերէնով վանկարկեց. «Շնորհաւո՛ր Նոր տարի»: Այնուհետեւ Առաջին տիկինը, մօտենալով աշակերտներէն իւրաքանչիւրին, մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացաւ անոնց եւ ուրախութեամբ ընդառաջեց աշակերտներուն փափաքին` բջիջային հեռաձայնով անհատական նկար ունենալու անոնց հետ:

Ապա աշակերտները խմբովին, եռանդով ներկայացուցին Կաղանդի շարք մը երգեր, անոնց ծափողջոյններու տարափին տակ յայտնուեցան Կաղանդ պապան ու Կաղանդ մաման, իրենց շալակին ունենալով նուէրներով ծանրաբեռնուած խոշոր տոպրակներ, զորս սիրով ու հաճոյքով պատրաստած էր Սուրիոյ օգնութեան խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութիւնը, որպէսզի տօնական այս օրերուն ուրախութիւն եւ ժպիտ ուրուագծէ աշակերտներու դէմքերուն:

Աշակերտները նորովի եռանդով եւ խանդավառութեամբ իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները ներկայացուցին եւ արժանացան Կաղանդ պապային գնահատանքին` ստանալով իրենց կաղանդչէքի տոպրակները:

Այս անգամ աշակերտներուն ուրախութիւնը կրկնակի եղաւ: Անոնք ապրեցան հաճելի եւ թովիչ պահ մը: Անոնց պայծառ դէմքերը եւ ցոլացող աչքերը եկան ապացուցելու, որ ո՛չ ահն ու վախը, ո՛չ պատերազմը կրնան ընկճել նորահաս սերունդը, մանաւանդ հայ աշակերտին աննկուն կամքը` ապրելու ուրախ եւ ապագայատեսիլ վճռակամութեամբ:

 

Նախորդը

Չանհետացող Արժէքներ. Դար Մը Կեանքէ Դէպի Դարերու Անմահութիւն Ժագ Ս. Յակոբեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մօտէն Կը Հետեւի Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութեան Աշխատանքներուն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.