Ինչպէս գիտենք, աշխարհի բոլոր դեսպանատուները, դիւանագիտական ներկայացուցիչները Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորական բացիկներ կը պատրաստեն ու զանոնք կը ցրուեն պետական անձնաւորութիւններուն ու պետական եւ վարչական հաստատութիւններուն` անոնց կցելով իրենց բարեմաղթութիւնները:
Այս տարի ուշագրաւ է այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պատրաստած իր շնորհաւորական բացիկին հիմնական նկարին համար նկատի ունեցած է Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցին, իսկ անոր ետեւի կողքին վրայ պատկերուած է Ատրպատականի Ս. Թադէի վանքը: