Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 21, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն տարի տօնական օրերու նախօրեակին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը կը կազմակերպէր իր տարեկան դրամահաւաք- ռատիոթոնը` իր մասնակցութիւնը բերելով համահայկական դրամահաւաքին, որուն հասոյթը կը տրամադրուէր Հայաստանի ու Արցախի տարածքին բազմաթիւ ծրագիրներու իրագործման:

Իսկ այս տարի, Լիբանանի մէջ տիրող բոլորին ծանօթ պայմաններու բերումով, մարմինը որոշեց զանց առնել իր տարեկան դրամահաւաքի կազմակերպումը:

Սակայն այս անգամ ողջունելի նախաձեռնութեամբ Արցախի պետութիւնն ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հասան լիբանանահայութեան օժանդակութեան` լիբանանահայ վարժարաններուն տրամադրելով 150.000 ամերիկեան տոլար:

Այս առիթով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը իր կարգին, իր մօտ պահ դրուած գումարէն, լիբանանահայ վարժարաններու օժանդակութեան կողքին, 25.000.000 լ.ո. յատկացում կը կատարէ լիբանանահայ գաղութի երեք օրաթերթերուն եւ երկու ռատիոկայաններուն (իւրաքանչիւրին` 5.000.000 լ.ո.):

Ճիշդ է, որ յատկացուած գումարները հսկայական կարիքներու դիմաց կրնան խորհրդանշական թուիլ, սակայն այս զօրակցութիւնը դրամական նուիրատուութենէ անդին է:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի պետութեան  կողմէ լիբանանահայ վարժարաններու օժանդակութեան այս նախաձեռնութիւնը, լաւագոյն օրինակն է Հայաստան – Արցախ – սփիւռք եռամիասնութեան, որ կ՛ապացուցէ, թէ երբ կարիք զգացուի, դերերը կը փոխուին, եւ հայրենիքն է, որ օգնութեան կը հասնի իր ժողովուրդի տագնապահար հատուածին` միշտ հաւատալով, որ հզօր սփիւռքը երաշխիքն է հզօր հայրենիքին: Այսօր տագնապահարը Լիբանանի ժողովուրդն է, որ պատմութեան ընթացքին միշտ փաստած է, որ ունի փիւնիկի յատկութիւն, հետեւաբար այս դժուար փուլը եւս պիտի կարենայ շրջանցել:

Բոլորին համբերութիւն, ուժ եւ կորով: Իսկ Լիբանանին` խաղաղութիւն եւ կայունութիւն:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 20 դեկտեմբեր 2019

 

Նախորդը

Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 4. Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքի Նուիրատուութիւնը

Յաջորդը

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը» Նախաձեռնութեան Ցարդ Կատարուած Է 143.023.000 Լ. Ո.-ի Նուիրատուութիւն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.