ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէն Կը Հոգայ Հայորդիներուն Կարիքները
«Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած անբնականոն պայմաններուն մէջ, ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, լիբանանահայութիւնը եւս նոր մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի: Այս կացութեան իբրեւ հետեւանք տիրող անգործութեան, տեղաշարժելու դժուարութեան լոյսին տակ, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն կը փորձէ օժանդակել կոմիտէութեան սահմաններուն մէջ` Քաղաքի, Մար Մխայէլի եւ Էշրեֆիէի այն հայորդիներուն, որոնք տնտեսական եւ ընկերային ծանր կացութեան մէջ են: Աշխատանքները տարուեցան Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ`...




















