«Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապալի այս օրերուն, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէն ձեռնարկած է շարք մը նախաձեռնութիւններ` Նոր Սիս շրջանի բնակիչներուն բեռը թեթեւցնելու եւ անոնց կարիքներուն հասնելու համար:
Տագնապի առաջին օրերէն ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէն փութաց հականեխելու Նոր Սիս շրջանի բոլոր թաղերն ու շէնքերուն մուտքերը:
Կոմիտէն 2 փուլով Քաղաքապետարանի (Նոր Սիսի բաժին) եւ յարակից շէնքերուն, ինչպէս նաեւ Նոր Սիսի շրջանի բնակիչներուն տրամադրեց հականեխիչ մաքրութեան նիւթեր, աւելի ուշ նաեւ այս նիւթերէն տրամադրուեցան «Պօղոս Արիս» շրջանի շէնքերու, ինչպէս նաեւ` Թրատի «Ազիրեան» շրջանի բնակիչներուն:
Այլ նախաձեռնութեամբ մը, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէն 100 սնունդի նպաստ բաժնեց շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Յառաջիկային, Ս. Զատկուան տօնին առիթով, պիտի իրագործուին այլ նախաձեռնութիւններ:
 
			



