ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Ցաւակցական Խօսքը Զաքար Չորպաճեանի
Մահուան Առիթով
ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան եւ Սգակիր Չորպաճեան ընտանիքին
Խոր ցաւով ու վիշտով ստացանք միութեան «Արտակարգ» շքանշանակիր եղբ. Զաքար Չորպաճեանի մահուան գոյժը։
Վաստակաւոր եղբօր մահով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը կը կորսնցնէ հաւատաւոր միութենական մը, իսկ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի շրջանները՝ նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական մը, որուն բովանդակ կեանքն ու գործունէութիւնը եղաւ անսակարկ զոհաբերութիւն՝ մարմնակրթական մեր մեծ միութեան ազգային նպատակներուն։
Եղբ. Զաքար ՀՄԸՄ-ին ծառայեց ամբողջական հաւատարմութեամբ եւ գիտակից պատասխանատուութեամբ։ Անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ իր հարազատներուն, սիրելիներուն եւ շրջանի ՀՄԸՄ-ական քոյր-եղբայրներուն մօտ, որոնք պիտի շարունակեն ընթանալ իր ուղիով, գործելով ի սպաս նոր սերունդի առողջ դաստիարակութեան եւ միութենական հայեցի կրթութեան, հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին՝ «Բարձրացիր-Բարձրացո՛ւր»-ին։
Այս առիթով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը փոխանցէ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները, ընտանեկան պարագաներուն հայցելով մխիթարութիւն, որպէսզի անոնք կարենան յաղթահարել եղբօր մահուան վիշտը։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


