«Քորոնա» ժահրի ճգնաժամային այս օրերուն ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն, կոմիտէութեան եւ քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանի բնակիչներուն կարիքներուն հասնելու նպատակով, դիմեց կարգ մը նախաձեռնութիւններու:
Առաջին հերթին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար, հականեխեց քաղաքապետարանի շրջանի բոլոր խանութները, շէնքերը` յարկ առ յարկ, նաեւ «Նիկոլ Դուման» եւ «Սերոբ Աղբիւր» ակումբները:
Կոմիտէն, «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին հետ գործակցաբար, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան եւ քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանի բնակիչներուն տրամադրեց հականեխիչ մաքրութեան նիւթեր:
Դարձեալ, Շտապին հետ գործակցաբար, սնունդի կտրօններ տրամադրեց կոմիտէութեան եւ քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանի բնակիչներուն:
Այլ նախաձեռնութեամբ մը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հետ գործակցաբար, կոմիտէութեան եւ քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանի տարեցներուն բաժնեց կէսօրուան տաք ճաշ:




