Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարին Ու Անոր Բնակիչներուն Կարիքներուն Հասնելու Եւ «Քորոնա»-ին Տարածումը Կանխարգիլելու Քայլեր

Ապրիլ 7, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս   օրերուս Այնճարի մուտք գործողները անսովոր կերպով կը հանդիպին քննութեան կէտի մը, ուր երիտասարդ տղաք, քաղաքապետութեան ոստիկաններու կողքին, աչալրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ  կը ստուգեն  շրջան մուտք  գործողներուն առողջական վիճակը եւ կ՛ամբողջացնեն համապատասխան  թերթիկ մը:

Այնճարի մէջ եւս անբնական իրավիճակ մը կը  պարզուի, որովհետեւ հոն տիրական ներկայութիւն են  ամայի փողոցները եւ շէնքերը:

«ՄԵՆՔ   ԵՆՔ  ՄԵՐ ԱՅՆՃԱՐԸ» կարգախօսով, օրն ի բուն ամբողջ բանակ մը կը գործէ Այնճարի տարածքին`  ամենայն անձնուիրութեամբ, անխոնջ  աշխատանքով,  նուիրեալ  զոհաբերութեամբ եւ անտեսանելի կերպով:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ»  կոմիտէն, գործակցաբար Այնճարի   քաղաքապետութեան  եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար»  մասնաճիւղին հետ, ինչպէս նաեւ  իր յառաջացուցած  շտապ  օգնութեան  եւ կանխարգիլման   բժշկական  խմբակին եւ  պարենաւորման   յանձնախումբին  կողքին  լծուած   է  աշխատանքի տագնապի սկզբնական  օրերէն, երբ անմիջապէս  Այնճարի  բոլոր  մուտքերը  փակուեցան, եւ մնաց Այնճարի մայր մուտքը միայն, ուր  կը  հանդիպինք  քննութեան կէտին:

Կոմիտէն դիմեց անմիջական ու գործնական քայլերու.

Ա. Ապահովեց  բժշկական  անմիջական  պէտքերը  եւ  սարքաւորումները:

Բ. Պարենաւորման եւ ցանկագրումի աշխատանքէն  ետք   անմիջապէս անհրաժեշտ նպաստները ժողովուրդին տրամադրութեան տակ  դրուեցան` քանի մը անգամով:  Կատարուեցան նաեւ  վառելանիւթի   որոշ օժանդակութիւններ:

Գ. Զգալով  ժողովուրդին  նիւթական դժուար  պայմանները` երկրորդ անգամն ըլլալով Ելեկտրական մարմինը զգալի զեղչով  մը  գանձումներ կատարեց:

Դ. Գիւղի տարեցներուն բժշկական  կարիքներէն մեկնած` պէտք եղած դեղորայքը ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի միջոցով հասաւ անոնց: YMCA-ի կողմէ տրուած  դեղերու սակագինը  չգանձուեցաւ մնայուն հիւանդներու պարագային:

Ե. Գիւղին մէջ  մեծապէս նկատելի է ժողովուրդին  բարձր   գիտակցութեան առկայութիւնը, որուն որպէս արդիւնք  խճողումը  նուազագոյնի   իջած է, եւ միայն անհրաժեշտութեան  պարագային  ժողովուրդը  դուրս  կու գայ  տուներէն:

Զ.  Խստիւ  կը   հետապնդուին  եւ  պատասխանատուութեան  կը կանչուին բոլոր օտար  ոտնձգութիւնները, որոնք  բարեբախտաբար   շատ  քիչ  են, եւ անմիջապէս  հարկն ու  պատշաճը կը տնօրինուի  տեղւոյն վրայ:

Ը.  Հոգեւորական  շունչով  լեցուեցաւ մեր  ժողովուրդը համացանցային  դրութեամբ: Մեր հոգեւոր հայրը  իր պատգամը  փոխանցեց  ժողովուրդին`  շրջելով  գիւղի   կեդրոնական  թաղամասերը:

«Կարմիր Լեռ» կոմիտէն  կու գայ  իր սրտագին  շնորհակալութիւնը յայտնելու  բոլոր այն  հայրենակիցներուն, միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն   ինչպէս   մեր արտերկրի հայրենակիցներուն, որոնք   սատար հանդիսացան  կոմիտէի  տարած   բոլոր աշխատանքներուն` իրենց  նիւթական  եւ բարոյական  աջակցութեամբ:

Մեր պապերէն  ժառանգած  խիզախութեամբ  տակաւին  մենք  պատնէշի   վրայ ենք  ու յաւերժօրէն հաւատարիմ պիտի  մնանք  ժողովուրդին  ծառայելու  այդ  սրբազան  ուխտին:

Ժողովուրդէն, ժողովուրդով, ժողովուրդին համար, ժողովուրդին հետ:

«ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԱՅՆՃԱՐԸ»:

ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷ

 

 

Նախորդը

Եգիպտահայ Համայնքը Մէկ Միլիոն Եգ. Ոսկի (65 Հազար Տոլար) Կը Յատկացնէ «Թահիա Մասր» Հիմնադրամին

Յաջորդը

Մութը Անիծելու Փոխարէն Մոմ Վառենք…

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?