Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Վարժարաններու Կրթական Պատասխանատուներու Հանդիպում` Առաջնորդարանին Մէջ

Ապրիլ 8, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրին, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի եւ Րաֆֆի Տէմիրճեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունիի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեանի հետ:

Հաւաքը կը միտէր լուսարձակի տակ առնել ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ ազգային վարժարաններուն կողմէ տարուող կրթական հիմնական աշխատանքները,  թէկուզ եւ անոնք կը տարուին հեռավար ուսուցման ճամբով ու կրթական պատասխանատուներուն կողմէ հեռաձայնային հետապնդումներով: Հաւաքին, երբ իւրաքանչիւր վարժարանի ներկայացուցիչ խտացեալ կերպով զեկուցեց հեռավար ուսուցման ծրագիրներու միջոցով տարուող աշխատանքներուն մասին, ուրախութեամբ պարզուեցաւ, որ տնային արգելափակումի այս միջոցին եւ հակառակ տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւններուն, ազգային վարժարաններու կրթական մշակները առաւելագոյն չափով կը հետապնդեն իրենց աշխատանքները եւ հեռակայ հաղորդակցական միջոցներով աշխատանքի լծած են ամբողջ աշակերտութիւնը: Կան կամքէ անկախ թեքնիք դժուարութիւններ, որոնց համար սրբազան հայրը շեշտեց, որ Ուսումնական խորհուրդին հետ միասին կարելի է ապագային լուծել այդ հարցերը, նաեւ համադրելով վարժարաններուն ճիգերը` կարելի է իրականացնել փորձառութիւններու փոխանակում եւ մէկտեղում:

Աւարտին, Շահէ եպս. Փանոսեան մեծապէս գնահատեց ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն աշխատանքը, հակառակ այն իրողութեան, որ համաճարակին ստեղծած արտասովոր տագնապին ու քաղաքական կեանքի ու տնտեսական պայմաններու յարուցած խոչընդոտներուն դիմաց, կրթութեան գործին նուիրեալ մեր ուսուցիչները իրենց կարելին կ’ընեն, որպէսզի հայ աշակերտը չանջատուի ուսումնական կեանքէն ու չպարպուի կրթական մթնոլորտէն:

Սրբազանը նաեւ յոյս յայտնեց, որ ազգային վարժարաններու պատասխանատուներու ու ծնողներու միացեալ ճիգերով, կարելի կը դառնայ նաեւ յաղթահարել վարժարաններուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները եւ այս տագնապը շրջանցել նուազագոյն վնասներով:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նախորդը

ՀՅԴ «Իշխան» Կոմիտէն Կը Կատարէ Նպաստաբաշխումի Եւ Հականեխիչ Մաքրութեան Նիւթերու Տրամադրման Աշխատանք

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?