Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յառաջիկայ Կիրակիէն Սկսեալ Ժողովուրդը Կրնայ Մասնակցիլ Եկեղեցական Արարողութիւններուն Թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Թէ՛ Թեմերուն Մէջ

June 4, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոս թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակով առաջնորդ սրբազաններուն եւ Ազգային իշխանութեանց թելադրեց, որ կիրակի, 7 յունիսէն սկսեալ, եկեղեցիները պատրաստ պէտք է ըլլան ընդունելու հաւատացեալները եւ մասնակից դառնալու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններուն:

Արդարեւ, համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով եւ ժողովուրդի զաւակները համաճարակի վտանգէն հեռու պահելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով, անցնող շուրջ երեք ամիսներուն ընթացքին եկեղեցական արարողութիւնները առցանց կերպով կատարուած էին: Այս օրերուն, նկատի ունենալով զանազան երկիրներու մէջ պետական կառոյցներուն կողմէ կատարուած թելադրութիւնները, յարմար կը նկատենք, որ եկեղեցիները սկսին ընդունիլ ժողովուրդի զաւակները: Թեմերուն ուղղուած վերոյիշեալ շրջաբերականին մէջ վեհափառ հայրապետը թելադրեց հետեւեալները.

1) Ծխային եկեղեցիները հաւատացեալները ընդունին` միշտ նկատի ունենալով տեղական պայմանները եւ եկեղեցիներու ֆիզիքական կարելիութիւնը:

2) Հաւատացեալները պարտին միշտ դիմակ գործածել եկեղեցիին մէջ եւ պահել պահանջուած ֆիզիքական հեռաւորութիւնը:

3) «Ողջոյն»-ի ժամանակ պատարագիչը Ս. խորանին եւ կամ ատեանի երիցագոյն հոգեւորականը ժողովուրդը կ’օրհնէ «Ողջոյն»-ը փոխանցելով. իսկ հաւատացեալները, իրենց կարգին, զիրար կ’ողջունեն` միշտ նոյն հեռաւորութիւնը պահելով:

4) Ս. հաղորդութիւն պիտի տրուի հաւատացեալներուն. սակայն, մինչեւ Ս. հաղորդութիւն տալու եւ առնելու հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան վերահաստատումը, պատարագիչ հոգեւորականին կողմէ Ս. հաղորդութիւնը պիտի դրուի հաւատացեալի ձեռքին վրայ, ինչպէս աւանդաբար կը կատարուի մաս բաշխելու պարագային:

5) Անհրաժեշտ է, որ նախազգուշական բոլոր միջոցները յարգուին ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, ինչպէս եկեղեցւոյ, նոյնպէս ընտանիքներուն, կառոյցներուն, համայնքներուն մէջ եւ ամէ՛ն տեղ:

Իր շրջաբերական նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը կը յիշեցնէ, թէ «իւրաքանչիւր հայու ֆիզիքական ապահովութիւնն ու առողջութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար էական են: Հետեւաբար, դիմակ կրելով, ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելով, ձեռք լուալով եւ մեծաթիւ հաւաքներէ խուսափելով առաջքը առած կ՛ըլլանք առողջական դժուարութիւններու թէ՛ մեր անձին եւ թէ՛ մեր ընտանիքին ու մեր նմաններուն նկատմամբ»:

Թելադրելի է նաեւ, որ հաւատացեալները այս գծով հետեւին կաթողիկոսարանի «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ին կողմէ պատրաստուած տեսերիզի ցուցմունքներուն:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Յունիս 2020)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Իրերայաջորդ Երկու Հարուած Եւ Մուտք` Նոր Փուլ

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով
Գաղութային

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

October 24, 2026
«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.