Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, իր հիմնադրութենէն 25 տարիներ ետք կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ, ընդհանուր վերանորոգման ու վերադասաւորման ենթարկուեցաւ վերջին ամիսներուն ընթացքին: Կատարուած ծախսերուն բարերարութիւնը ստանձնեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային իշխանութեան ատենապետ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլը:
Արդարեւ, չորեքշաբթի, 17 յունիս 2020-ին, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, «Կիլիկիա» թանգարանի յանձնախումբը վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ` ցարդ կատարուած աշխատանքներուն ընդհանուր արժեւորում կատարելու համար: Վեհափառ հայրապետը, այս առիթով իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բարերարին, յանձնախումբի ատենապետ Մկրտիչ Եափուճեանին, որ միաժամանակ ստանձնած էր վերանորոգման ճարտարապետական աշխատանքները, Շթութկարթի Հայկական մշակոյթի պահպանութեան ընկերութեան ներկայացուցիչ Վարդ Պիզանսին, որ կատարած էր ձեռագիրներու վերանորոգութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ թանգարանի տնօրէն Պարոյր վրդ. Շերնէզեանին եւ անոր օգնականներուն` իրենց տարած բծախնդիր աշխատանքին համար:
Ապա, քննարկումներէ ետք յանձնախումբը տուաւ կարգ մը որոշումներ` թանգարանը աւելի զարգացնելու հեռանկարով: