Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազդակի Առցանց Լսարան. Գաղափարական Հոսանքներու Պայքարը Մեր Դարաշրջանի Նորացուած Alafranga-Alaturca Ընդհարումն Է Կամ՝ ԻԱ. Դարու Գրապայքարը. Դոկտ․ Արա Սանճեան

Յունիս 18, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի հերթական առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 17 յունիս 2020-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին:

«Պատմագրութիւն (հայոց եւ այլոց). գիտութի՞ւն, ինքնութի՞ւն, մեթոտաբանութիւն» նիւթին մասին զեկուցեց Միշիկըն համալսարանի դասախօս, պատմաբան դոկտ. Արա Սանճեան:

Ան  խօսեցաւ պատմութեան գիտակարգի կապուած խնդիրներուն, պատմութիւն ուսումնասիրելու պատճառականութեան, պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն նկատի ունեցած թիրախային խաւերուն, պատմագիտական մեթոտաբանութեան, պատմագիտական եզրակացութիւններու ապրած փոփոխութիւններուն, պատմագրութեան համաշխարհային զարգացման եւ այդ յարաբերակցութեամբ հայոց պատմագրութեան պարզած իրավիճակին մասին:

Դոկտ. Սանճեանի ներկայացուցած զեկուցումը ներառած էր նախամաշտոցեան փուլը, հայկական միջնադարը, միջնադարեան պատմագրութեան ուսումնասիրութիւններու հեղինակութիւնները, անցումային ԺԸ. դարու իւրայատկութիւնները եւ այս առումով Եւրոպայի պարագան` ԺԸ. դարուն:

Յատուկ բաժինով ներառուած էին Մխիթարեաններու բերած նպաստը եւ Հ. Միքայէլ Չամչեանը` իբրեւ առաջին հայ պատմաբանն ու պատմագէտը:

Խօսելէ ետք ԺԹ. եւ Ի. դարու սկիզբին հայ պատմագրութեան դիմագրաւած խնդիրներուն մասին` Սանճեան կեդրոնացաւ Ստեփան Մալխասեանցի բանաձեւած պատմագրութեան հիմնական երկու ուղղութիւններուն վրայ:

Պատմագրութեան եւ պատմութեան մեկնաբանման խնդիրները առկայ էին զեկուցման մէջ` նկատի ունենալով խորհրդային ժամանակշրջանն ու կորպաչովեան միջնարարը, հասնելու համար յետխորհրդային Հայաստանի պատմագրութեան վերաբերող հարցեր:

Եզրակացութիւնը կը վերաբերէր իր պատմականը ունեցող խնդիրներու հայեցակարգային տարբեր ուղղութիւններուն, որոնք առկայ են այսօր մեր գիտական շրջանակներուն մէջ:

Ուղղութիւններու տեսակէտէն «գաղափարական հոսանքներու պայքարը նոր չէ հայութեան համար. անիկա մեր դարաշրջանի նորացուած alafranga-alaturca ընդհարումն է կամ` ԻԱ. դարու գրապայքարը, որուն հետ պիտի ապրինք բաւական երկար, նոյնիսկ` «Քորոնա» ժահրէն ետք®», եզրակացուց դոկտ. Արա Սանճեան:

Նշենք, որ լսարանին մասնակցեցան Հայաստանի հանրապետութենէն եւ սփիւռքէն տարբեր համալսարաններու մէջ դասաւանդող պատմագէտներ, արեւելագէտներ, հնագէտներ, ընկերաբաններ, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներ, մամլոյ գործիչներ, մտաւորականներ: 53 հոգինոց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

 

Նախորդը

Իտալական Ֆութպոլ. Նափոլի՝ Իտալիոյ Բաժակակիր

Յաջորդը

Արաբական Լիկա. «Լիպիոյ, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թրքական Միջամտութիւնը Մերժելի Եւ Դատապարտելի Է»

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?