Հինգշաբթի, 18 յունիս 2020-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանին եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստանի կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցեր:
Նոյն օրը կաթողիկոսին այցելեց նաեւ Լիբանանի կառավարութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Ան ներկայացուց կառավարութեան աշխատանքներու ծրագիրները: Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց նախարարին, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ կառավարութեան աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը պաշտպանէ Լիբանանի հայութեան իրաւունքները: