Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ Հայրապետին Հետ

August 10, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան` գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:

Պատուիրակութիւնը Լիբանան հասած էր Հայաստանի կողմէ երեք փուլերով Լիբանանին  կատարուելիք օժանդակութեանց առաջին փուլի թռիչքին հետ: Պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց իր առաքելութեան նպատակը եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութեան զանազան երեսները:

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի պետութեան` թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայ համայնքին իրենց կատարելիք օժանդակութեանց համար: Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով եւ կազմակերպուած կերպով: Հետեւաբար, փոխանակ մասնակի հանգանակութիւններ ու նուիրատուութիւններ կատարելու կամ կազմակերպելու, այդ աշխատանքները պէտք է կատարուին կաթողիկոսարանի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ հաստատուած յատուկ հաշիւներու ճամբով:

Հանդիպում Մամուլի
Ներկայացուցիչներուն Հետ

Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հանդիպեցաւ թերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններուն հետ: Խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին Հայաստանի կողմէ Լիբանան հասած եւ տակաւին հասնելիք օժանդակութիւններուն, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած պայթումին հետեւանքներուն եւ լիբանանահայութեան վերականգնումի մեկնարկուող աշխատանքներուն:

Նախորդը

Լիբանանի Զօրակցութեան Իր Կարճատեւ Այցելութեան Ընթացքին Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշել Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Յաջորդը

Կեանքի Կոչուեցաւ «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»-ը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.