Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բ.- Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղերու Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

Օգոստոս 13, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Սարդարապատ»
Կոմիտէութեան Շրջան

4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին հետեւանքով, Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ծիրին մէջ գտնուող թաղամասերը ենթարկուեցան ամէնէն ծանր վնասներուն: Վնասներուն մեծագոյնը արձանագրուեցաւ «Արաքս», «Արմենիա», «Աբրահամ Աշճեան», «Մարաշ» պողոտաներուն եւ շրջանի փողոցներուն մէջ:  «Կիլիկիա» թաղամասը համեմատաբար աւելի թեթեւ վնասներ կրեց: Այս շրջաններուն մէջ արձանագրուած են մօտաւորապէս 125 վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը շուկայի անցորդներ եւ խանութպաններ են` տրուած ըլլալով, որ տակաւին աղէտի պահուն շուկաները բաց էին եւ փողոցներուն մէջ եռուզեռ կար: Կան 12 ծանր վնասուածքներ ստացած վիրաւորներ: Այս շրջանին մէջ կան տուներ, որոնց պատշգամները եւ ներքին պատերը փուլ եկած են, իսկ մնացեալներուն պարագային վնասուած են պատուհաններ եւ դռներ, ինչպէս նաեւ տնային պիտոյքներ: Նախնական գնահատումով, հայութեան բնակարաններուն 75 առ հարիւրը վնասուած է, իսկ վաճառատուներուն` 80 առ հարիւրը:

Աղէտէն անմիջապէս ետք դաշնակցական եւ համակիր կամաւոր երիտասարդներ վիրաւորները փոխադրեցին «Սարդարապատ» ակումբ, ուր կոմիտէին նախաձեռնութեամբ շտապ օգնութեան կամաւորներ «Սարդարապատ» սրահին մէջ նախնական բուժումներ կատարեցին, մինչեւ ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին բացուիլը, եւ արդէն վիրաւորներուն մեծ մասը այնուհետեւ իրենց բուժումը ստացան ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ, ուր փութացած էին մեծ թիւով հայ բժիշկներ: Կոմիտէն այս փուլին կը կատարէ վնասներու նախնական ցանկագրում մը` վերաշինութեան ու վերականգնումի յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն պատրաստ ըլլալու համար: Կը համագործակցի բարեսիրական հայ եւ օտար միութիւններու հետ` ուտեստեղէն եւ այլ անհրաժեշտ իրերու բաշխումի աշխատանքին համար,  ինչպէս նաեւ կ՛ուղղորդէ կարգ մը ձեռնհաս անհատներու օժանդակութեանց աշխատանքը եւ կ՛օժանդակէ կարիքաւոր ընտանիքներու խիստ կենսական պէտքերուն:

Թիրոյի
«
Ռուբէն» Կոմիտէութեան Շրջան

Հայութեան բնակարաններուն 75 առ հարիւրը վնասուած է, իսկ վաճառատուներուն` 80 առ հարիւրը, քանի մը տուներ ալ ունին ծանր վնասուածքներ: Արձանագրուած են 4 ծանր եւ 35 թեթեւ վիրաւորներ: Կոմիտէն այժմ լծուած է վնասներու գնահատման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Արագածի «Դրօ»
Կոմիտէութեան Շրջան

Բնակարաններուն 80 առ հարիւրը վնասուած է, կան 3 բնակարաններ, որոնց պատշգամները եւ ներքին պատերը քանդուած են: Շրջանը ունի 1 ծանր եւ 10 թեթեւ վիրաւորներ: Կոմիտէն կը շարունակէ իր մարդասիրական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ վնասներու գնահատումի աշխատանքը` այցելելով հայ ընտանիքներուն:

Սիսի «Իշխան»
Կոմիտէութեան Շրջան

Բնակարաններուն 35 առ հարիւրը, իսկ վաճառատուներուն 50 առ հարիւրը վնասուած է: Արձանագրուած են 2 ծանր եւ 6 թեթեւ վիրաւորներ: Կան 3 բնակարաններ, որոնք ամբողջութեամբ քանդուած են: Կոմիտէն մարդասիրական օժանդակութիւնները եւ վնասներու գնահատումը կը շարունակէ:

Թրատի Եւ Ժողովրդային Շէնքերու
«
Նիկոլ Դուման» Կոմիտէութեան Շրջան

Բնակարաններուն 25 առ հարիւրը եւ վաճառատուներուն 25 առ հարիւրը վնասուածքներ ունին, սակայն այս շրջանի պարագային վնասը համեմատաբար աւելի նուազ է: Արձանագրուած են քանի մը թեթեւ վիրաւորներ: Կոմիտէն կ՛ամբողջացնէ վնասներու գնահատումի աշխատանքը:

Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան»
Կոմիտէութեան Շրջան

Արձանագրուած է 2 վիրաւոր: Տուներուն 20 առ հարիւրը, իսկ վաճառատուներու 10 առ հարիւրը վնասուած են, բայց ոչ մեծ տարողութեամբ: Շրջանը ունի 2 թեթեւ վիրաւոր: Կոմիտէն կը կատարէ վնասներու գնահատումի աշխատանք:

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան
Նախաձեռնութիւնները Եւ Աշխատանքները

Աղէտէն 1 ժամ ետք արդէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետը զօրաշարժի մէջ դրաւ ոստիկանութիւնը եւ քաղաքապետութեան աշխատանքային խումբերը, որոնք 24 ժամեայ դրութեամբ աշխատեցան մաքրել ճամբաները եւ կատարել աւերի վերացումը: Այս աշխատանքին միացան ՀՄԸՄ-ի, ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի երիտասարդներ,  ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, այլ շրջաններու քաղաքապետութիւններ,  ինչպէս նաեւ հայահոծ այլ շրջաններէ մեծ թիւով հայ կամաւորներ: Այս աշխատանքը ստացաւ համաժողովրդային մեծ տարողութիւն, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ մաքրութեան նախնական գործը աւարտել:

Քաղաքապետութիւնը կը համակարգէ ու կը համագործակցի միջազգային եւ տեղական բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք աղէտէն ետք սննդամթերք եւ այլ անհրաժեշտ պէտքեր կը տրամադրեն ժողովուրդին: Քաղաքապետութիւնը կ՛օժանդակէ եւ կը դիւրացնէ ՄԱԿ-ի եւ տեղական թէ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն մասնագիտական խումբերուն աշխատանքը: Անոնք առաջին փուլով կը կատարեն ծանր վնասուածքներ ստացած շէնքերու ուսումնասիրութիւնը եւ արժեւորման աշխատանքը: Այս աշխատանքը կը կատարուի ստուգելու համար շինարարական կառոյցի ապահովութիւնը:

Աղէտէն մէկ շաբաթ ետք արդէն Պուրճ Համուտի մէջ կեանքը համեմատաբար բնականոն հունի մէջ մտած է, սակայն հայութեան այս կեդրոնական օրրանին վերականգնումը համայն հայութեան առաջնահերթ խնդիրն է այս փուլին:  Պուրճ Համուտը լոկ հայկական տարածք չէ, այլ հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ իր մեծ դրոշմը դրած շրջան եւ ժողովուրդ, որուն գոյերթի շարունակականութեան երաշխաւորումը կը հաւատանք, որ անպայման պիտի կատարուի համահայկական ճիգով ու աշխատանքով:

ԾԱՆՕԹ.- Պուրճ Համուտի ազգային, եկեղեցական, կուսակցական, միութենական եւ կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու իրավիճակին կ՛անդրադառնանք առանձին տեղեկագիրով:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Բարձր Գնահատանքը Յայտնեց Լիբանանի Ժողովուրդին Եւ Հայ Համայնքին Հայաստանի Հանրապետութեան Կողմէ Կատարուած Օժանդակութեանց Համար

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?