Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետութեան.  Հասարակական Կազմակերպութիւններու Եւ Բարեսիրական  Միութիւններու Միացեալ Հանդիպում-Զրոյց`  Պուրճ Համուտի  Աղէտեալ Վայրերուն Գծով

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Հասարակական Կազմակերպութիւններու Եւ Բարեսիրական Միութիւններու Միացեալ Հանդիպում-Զրոյց` Պուրճ Համուտի Աղէտեալ Վայրերուն Գծով

4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումին պատճառած մարդկային թէ նիւթական կորուստներու տարողութեան եւ փրկարար ջանքերու համակարգման աշխատելաձեւը առանցքը կազմեց երէկ` երեքշաբթի, 18 օգոստոս 2020-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպում-զրոյցին: Արդարեւ, նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, հայկական եւ ոչ հայկական տեղական թէ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ իրազեկ դարձան...

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ  Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Երկրորդ Առցանց Ժողովը – Եւրոպա –

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը հիմնուելով  29 Փետրուար – 1 Մարտ Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, ծրագրած էր կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ։ Առաջին հերթին 30 Յուլիս 2020ին արդէն իսկ յաջողութեամբ կայացաւ  Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հետ հանդիպումը։ Տարածաշրջանային մեր երկրորդ առցանց ժողովը  տեղի պիտի ունենայ 1 Սեպտեմբեր 2020ին, Երեւանի ժամով՝ 19:00-ին: Այս անգամ Եւրոպան նկատի...

Արցախէն Եւ Հայաստանէն Ստացուած Օժանդակութեան Բաշխում

Արցախէն Եւ Հայաստանէն Ստացուած Օժանդակութեան Բաշխում

Արցախի եւ Հայաստանի պետութեանց կողմէ լիբանանահայութեան համար ղրկուած սննդամթերքի օժանդակութիւնը արդէն իսկ Թեմիս եկեղեցիներուն խողովակով կը բաժնուի մեր ժողովուրդին: Արդարեւ, Լիբանանի միջազգային օդակայանին մէջ ստանձնելէ ետք վերոնշեալ օժանդակութիւնը (որ առաւելաբար կը պարունակէր տեսակաւոր անուշի պահածոներ եւ բուսական ձէթ), 11 եւ 12 օգոստոս 2020-ին Ազգային առաջնորդարանը նախ առանձնացուց Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական համայնքներուն բաժինը եւ ապա` Ազգային միացեալ վարժարանի եւ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Յարութիւն Եւ Սիլվիա Սթամպուլի 100.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութեամբ Դարձեալ Կը Զօրակցին Լիբանանահայութեան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի,  Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կ՛աջակցին 100.000.000 լ. ոսկիի (Հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի) նուիրատուութեամբ: Բարերարներուն փափաքով, նշեալ գումարը կը բաշխուի հետեւեալ եղանակով. - Ազգային առաջնորդարանին` 25.000.000 լ. ո. -  ՀԲԸՄ Լիբանանի մասնաճիւղին` 25.000.000 լ.ո. -  Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` 25.000.000 լ. ո. - «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին` 25.000.000 լ. ո....

Ընթացք Առաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրը

Ընթացք Առաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրը

Այսու կը տեղեկացնենք, որ երեքշաբթի, 18 օգոստոս 2020-ին, կարիքաւոր ընտանիքներու դրամական նպաստներ տրամադրելով, գործնականօրէն ընթացք կ՛առնէ Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը: Արդարեւ, յառաջիկայ օրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի զանազան շրջաններուն մէջ եւ կամաւորներու աջակցութեամբ, Պէզիքեան ծրագիրի Գործադիր վարչութիւնը պիտի իրականացնէ հինգ ամիսներու համար նախատեսուած օժանդակութեան ծրագիրի առաջին մասը` կանխիկ յանձնելով օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն համար նկատի առնուած գումարները: Լիայոյս ենք, որ տէր...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին Ընկերակցութեամբ Կատարած Իր Այցելութեան Ընթացքին.  «Պէյրութ Պիտի Վերականգնի Շնորհիւ Իր Երիտասարդներու Բազուկներուն»  Ընդգծեց Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին Ընկերակցութեամբ Կատարած Իր Այցելութեան Ընթացքին. «Պէյրութ Պիտի Վերականգնի Շնորհիւ Իր Երիտասարդներու Բազուկներուն» Ընդգծեց Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած աղէտալի պայթումին հետեւանքներուն եւ յատկապէս` շրջանի բնակիչներու կացութեան մօտէն տեղեկանալու նախանձախնդրութեամբ  երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, շաբաթավերջին այցելեց աղէտեալ շրջաններու բնակիչներուն: «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած կարճ զրոյցի ընթացքին նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան խոր ցաւ յայտնեց ինկած զոհերուն համար եւ ըսաւ. «Չենք...

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ընդհանրապէս պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութենէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակէն եւ մանաւանդ ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով` այս տարի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան զոյգ տօները դժբախտաբար տեղի չունեցան աւանդութիւն դարձած իրենց հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ, ինչպէս` ուխտի շաբթուան նուիրուած քարոզախօսութիւններ եւ աղօթասացութիւններ, ուխտերթ, մատաղի պատրաստութիւն եւ Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ Ս. խորանին վրայ...

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Սրբազանը հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ այս տօնին առիթով բոլորս մեր աղերսը կ՛ուղղենք Աստուածամօր, որ ինք մեր սիրտին աղերսները լսելով տանի իր միածին Որդիին, որպէսզի մեր կեանքի տագնապալի...

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

Չորեքշաբթի, 12 եւ ուրբաթ, 14 օգոստոսը իւրայատուկ օրեր էին Լիբանանահայ օգնութեան խաչին համար: Նախաձեռնութեամբ Լիբանան գտնուող կիպրական պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէին Եւրոպական խորհրդարանի անդամ տոքթ. Էլենի Թէոխարուս եւ հիւանդապահուհիներ Աննա Ֆարմաքի եւ Նիքոլեթթա Մաքրի,  աջակցութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամուհիներուն, չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, ԼՕԽ-ի պարտէզ-գրադարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հեղուկ կաթի բաշխում Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի...

ԿՈՉ  Արտասահմանի Լիբանանահայերուն.  Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Համար

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Ստանձնէ Զոհ Գացած Հայերու Բնակարաններու Վերանորոգութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով, նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով զոհուած հայերու բնակարաններու վերանորոգումը պիտի ստանձնէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Արդէն իսկ կազմուած է գնահատումի յատուկ յանձնախումբ` անմիջական կերպով աշխատանքը կատարելու համար:  

Օժանդակութիւններն Ու Ընկերային Ծառայութիւնները Կը Շարունակուին Նաեւ Անհատական Նախաձեռնութիւններով

Օժանդակութիւններն Ու Ընկերային Ծառայութիւնները Կը Շարունակուին Նաեւ Անհատական Նախաձեռնութիւններով

4 օգոստոսին պատահած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ Պէյրութի եւ արուարձաններու բնակչութեան վրայ: Ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, բարեսիրական հաստատութիւններ, կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւներ եւ երկիրներ իրենց նեցուկն ու օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին: Անհատական նախաձեռնութիւնները եւս աշխուժացան: Շարք մը նախաձեռնութիւններու կողքին, յատկանշական էր ուսանող Եարա Մրատի նախաձեռնութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ լիբանանցի ուսանող է, եւ այժմ լիբանանի կը գտնուի:...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայաշէնցի փոքրիկներ այսօր ապրեցան ուրախ ժամեր։ Արդարեւ, փոքրիկն Ֆիմի Յովիկ Արսլանեան իր ծնողքին առաջարկած էր իր եւ մօրը պատրաստած կարկանդակները բաժնել Հայաշէնի մէջ ապրող հայ եւ ոչ հայ 100 փոքրիկներու: Այսօր կէսօրէ ետք փոքրիկ Ֆիմին ընկերակցութեամբ իր ծնողքին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ուրախացուց փոքրիկները իր ձեռքով անոնց հրամցնելով կարկանդակ, պտղաջուր, ջուր եւ մանկական ընթերցանութեան գիրքեր։ Ապրի'ս Ֆիմի։ Հ....

2020 Տարին` Յատուկ Խնամքի  Կարօտ Հայորդիներու Տարի

Ի Նպաստ Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի Օժանդակութիւններ Սկսած Են Կատարուիլ

Ինչպէս յայտարարուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին համար յատուկ հաշիւ մը բացուած է: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած էր, որպէսզի յիշեալ հաշիւին կատարուին բոլոր օժանդակութիւնները: Ստացուած օժանդակութիւնները պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, որպէսզի ան կարենայ շուտով լծուիլ գործնական աշխատանքի: Կ'ուզենք յայտնել, որ ցարդ գումարներ ստացուած են հետեւեալ հաստատութիւններէ ու անձերէ.- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն,...

Բագրատունի Եւ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Էշրեֆիէ Եւ Մար Մխայէլ

Բագրատունի Եւ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Էշրեֆիէ Եւ Մար Մխայէլ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած քանդումները ստուգելու եւ հայահոծ շրջաններու բնակիչներու վիճակին ծանօթանալու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 14 օգոստոսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեանի, այցելեցին Մար Մխայէլի եւ Էշրեֆիէի` նիւթական վնասներու ենթարկուած եւ վիրաւորուած հայորդիներուն բնակարանները, խանութները: Այցելութիւններուն նպատակն էր գետնի վրայ գնահատումը կատարել...

«Ժողովուրդիս Հետ,  Ժողովուրդիս Համար»

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար»

4 օգոստոսին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը մեծ աղէտ մըն էր մայրաքաղաք Պէյրութի բնակիչներուն համար, որոնք ենթարկուեցան մարմնական թէ նիւթական վնասներու, պայթումին հետեւանքով եղան հարիւրաւոր զոհեր ու հազարաւոր վիրաւորներ: Ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը  ահաւոր էր, սակայն աղէտէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալը չափազանց անհրաժեշտ էր: Հազարաւոր բնակարաններու եւ կառոյցներու նման  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնն ալ կրած է վնասներ, բայց հակառակ իր...

Գ. Տեղեկագիր.  Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք  Պուրճ Համուտի  Ընկերաբժշկական Կառոյցներու  Իրավիճակն Ու Գործունէութիւնը

Գ. Տեղեկագիր. Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Պուրճ Համուտի Ընկերաբժշկական Կառոյցներու Իրավիճակն Ու Գործունէութիւնը

Ա.- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը շտապ օգնութեան հասաւ մեր հայրենակիցներուն: Կեդրոնի Տնօրէն խորհուրդին համար առաջնահերթութիւն էր հասնիլ վիրաւորներուն: Այդ գծով ալ նախ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ բուժուեցան  վիրաւորներ, աղէտէն քանի մը ժամ ետք կեդրոնը մաքրուեցաւ փշրուած ապակիներէն, ապա բացաւ իր դռները եւ ընդունեց իրեն դիմող բոլոր պարագաները...

Հաղորդագրութիւն.  Շրջանային Թէ Միջազգային Ղեկավարներու  «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն Կատարած  Զօրակցական Այցելութիւններ

Հաղորդագրութիւն. Շրջանային Թէ Միջազգային Ղեկավարներու «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն Կատարած Զօրակցական Այցելութիւններ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու Լիբանան կատարած զօրակցական այցելութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 11 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընկերակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսանտր Մուշեղեանի եւ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սառա Անչարքոլեանի, այցելեց «Գարակէօզեան» հաստատութիւն: Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ընկերակցութեամբ գլխաւոր յանձնակատարը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շրջայց...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի Ստեղծած Կացութեան

Վերջին օրերուն, Հալէպի մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը սկսած է լայն տարածում ունենալ: Վեհափառ հայրապետը մօտէն կը հետեւի ստեղծուած կացութեան: Երէկ առաւօտ, վեհափառ հայրապետը դարձեալ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը, նկատի ունենալով համայնքին կարիքները, անմիջապէս որոշ գումար մը փոխանցեց համայնքի պատասխանատուներուն` գործածուելու համար դեղորայքի եւ առողջապահական կարիքներու:...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Հաղորդագրութիւն 1. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեց իր երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին ճշդեց յառաջիկայ փուլի աշխատանքներուն բնոյթն ու ընթացքը: Ներկայացուցչական հանգամանքով, նշեալ մարմինի աշխատանքներուն կը մասնակցին. - Հայ առաքելական համայնքէն` Գառնիկ Մկրտիչեան - Հայ կաթողիկէ համայնքէն` Արամ Գարատաղլեան - Հայ աւետարանական համայնքէն` Ներսէս Պաղտոյեան - Հայ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումի հետեւանքով անդառնալի մարդկային կորուստներ եւ նիւթական աննկարագրելի  վնասներ կրած են մայրաքաղաք Պէյրութն ու անոր արուարձանները, ներառեալ հայահոծ շրջաններ, ուր կը գործեն Լիբանանահայ բազմաթիւ կառոյցներ, որոնց շարքին Համազգայինի Կեդրոնական կամ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւններու հովանիին տակ գործող հաստատութիւնները։ Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան համար որոշ գաղութներու մէջ կազմակերպուած են զանազան դրամահաւաքներ։ Իսկ Համազգայինը իր կարգին ձեռնարկած է միացեալ դրամահաւաքի, Համազգայինի...

Page 157 of 365 1 … 156 157 158 … 365

Արխիւներ