Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Օգոստոս 11, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այսօր Առաջնահերթ Խնդիրը
Լիբանանահայութեան Վերականգնումն Է

Երկուշաբթի, 10 օգոստոս առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստան-Լիբանան բարեկամական խումբի ղեկավար Հրաչեայ Յակոբեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմանդրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսանտր Մուշեղեանի, սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սառա Անչարքոլեանի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ անդամներ Յակոբ Հաւաթեան, Ալպեր Պալապանեան եւ Լեւոն Աւետանեան:

Առաջին հերթին դեսպան Աթաբէկեան ներկայացուց պատուիրակութեան կազմը եւ անոր այցելութեան առաքելութիւնը: Ան նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը սփիւռքի յանձնակատարին այցելութեամբ եկած է իր զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանի պետութեան ու լիբանանահայ համայնքին եւ այս առումով մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու պետութեան ու համայնքին: Առաջին երկու օդանաւային թռիչքներով արդէն իսկ հասած են դեղորայք եւ առողջապահական այլ պիտոյքներ, իսկ երրորդ թռիչքը կը հասնի վաղը: Զարեհ Սինանեան յայտնեց, որ պիտի չուզէր Լիբանանի ու հայ համայնքի ապրած այս ճգնաժամային կացութեան պատճառով այցելած ըլլար Լիբանան` աւելցնելով, որ իսկապէս հայրենիքն ու հայրենի պետութիւնը ցնցուած են պատահած այս աղէտով: Ան աւելցուց, որ այս այցելութիւնը նախատեսուած էր աւելի կանուխ, սակայն առարկայական պատճառներով կարելի չեղաւ իրականացնել: Սինանեան յայտնեց, որ այցելութիւնը կ՛առաջադրէ քանի մը նպատակ, առաջինը` մարդասիրական օգնութիւն Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին եւ բարեկամ պետութեան: Ան ըսաւ, որ կը շեշտեն Լիբանանի պետութեան ու ժողովուրդին օժանդակութեան այս հանգամանքը, որպէսզի չընկալուի այնպէս, որ Հայաստանը օժանդակութիւն կը տրամադրէ միայն լիբանանահայ համայնքին: Երկրորդ նպատակը կը միտի ծանօթանալ ստեղծուած իրավիճակին, արձանագրուած կորուստներուն, խնդիրներուն եւ յստակացնելու, թէ ի՛նչ անհրաժեշտութիւններ առկայ են եւ թէ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ իմաստով  լիբանանահայ համայնքին ի՛նչ օգնութիւն կարելի է տրամադրել ու ըստ այնմ կազմել համապարփակ ծրագիր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումի առիթին համար:

Յակոբ Բագրատունի բարի գալուստ մաղթեց յանձնակատարին եւ հայրենի պատուիրակութեան: Ան գնահատեց պատուիրակութեան այցելութիւնը եւ հայրենի պետութեան տրամադրած  օժանդակութիւնը: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն հանգամանքին ու համոզումին, որ սփիւռքի վարչութեան գործունէութեան հիմնական առանցքներէն մէկը պէտք է դառնայ Լիբանանն ու հայ համայնքը` նկատի ունենալով անոր ունեցած դերակատարութիւնը ո՛չ միայն միջինարեւելեան շրջանային ընդհանուր գործընթացներուն մէջ, այլ նաեւ ընդհանրապէս համահայկական հարցերու` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու, Արցախի անկախութեան ու պետականութեան հզօրացման գործընթացին եւ ընդհանրապէս հայութեան մարտահրաւէրները դիմակալելու աշխատանքներուն մէջ: Սինանեան իր կարգին համաձայն գտնուեցաւ ու հաստատեց այս մտածումը:

Բագրատունի այս առիթով յայտնեց, որ դեսպան Աթաբէկեանի հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի յարաբերութիւնները անմիջական են, եւ գնահատեց անոր կարեւոր ներդրումը համայնքի հաւաքական աշխատանքի ամբողջացման ընդհանուր հոլովոյթին մէջ` աւելցնելով, որ դեսպանը միշտ ալ նախանձախնդիր մօտեցում կը ցուցաբերէ չներքաշուելու համայնքի ներքին գործերուն ու հարցերուն մէջ, բացի այն պարագային, երբ կը դիմուի իրեն:

Բագրատունի ներկայացնելով համայնքի ընդհանուր դրուածքը հաստատեց, որ անվտանգութեան պահպանման եւ երաշխաւորման խնդիրին շուրջ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն միջեւ ամբողջական է հասկացողութիւնն ու համագործակցութիւնը, թէեւ լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ տարբեր պատճառներով կուսակցութիւնները դաշնակից են տարբեր խմբաւորումներու: Բագրատունի աւելցուց, որ ՀՅԴաշնակցութեան համար հայ աւանդական միւս կուսակցութիւններուն մէկութիւնն ու ներքին միասնակամութիւնը եւ հայ կեանքին մէջ նշանակալից ներդրումը ո՛չ միայն ողջունելի է, այլեւ կենսական:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան օժանդակութեան այս արագ նախաձեռնութեան համար` հաստատելով, որ 1978-ին նաեւ հայրենի պետութիւնը արագօրէն օժանդակութեան ձեռք երկարեց լիբանանահայ վիրաւոր համայնքին, եւ ատիկա սփիւռքի տարբեր գաղութներու նախաձեռնութեան կարգին գործնապէս նպաստեց հայութեան վերականգնումին եւ յաջորդող փուլերուն անոր համահայկական դերակատարութեան վերստանձնման ու հայրենիքին ու Արցախին անմնացորդ ծառայութեան:

Բագրատունի հաստատեց, որ այսօրուան դրութեամբ առաջնահերթը մեր ժողովուրդի կարիքներն են, մրցակցութիւնը պէտք է կայանայ հոն, թէ ո՛վ աւելի կրնայ օժանդակել այս պահուն եւ ոչ թէ այդ օժանդակութիւնը ծառայեցնել քաղաքական հաշուարկներու կամ ընտրական ծրագիրներու: Համայնքը ճգնաժամի մէջ է եւ այդ ճգնաժամը յաղթահարելու համար այս փուլին առաջնահերթը ժողովուրդին անմիջական կարիքներուն անսալն է:

Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անգամ մը եւս շեշտեց այն համոզումը, որ եթէ հայ անհատներ կան, որոնք կ՛ուզեն այս պահուն երթալ, մէկ ուղղութիւն կայ` Հայաստան: Խուճապային պահերուն մէջ զգացականութիւնը տրամաբանական մտածողութիւնը կը դժուարացնէ, եւ կը դրսեւորուին պատահական կեցուածքներ: Այն ինչ որ պատահեցաւ իբրեւ աղէտ, ահաւոր էր: Մենք` իբրեւ կուսակցութիւն, թէ՛ ներքաղաքական կեանքի եւ թէ՛ համայնքի ճակատագիրի տիրութիւն կատարելու յանձնառութեան մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ունինք եւ ժողովուրդին շահը կը գերադասենք ամէն բանէ վեր:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու լիբանանահայ համայնքին հետ առնչուած կարգ մը հրատապ օրակարգեր: Շեշտը դրուեցաւ այն հանգամանքին վրայ, որ ներկայ խուճապային մթնոլորտին մէջ բոլոր աշխատանքներն ու յատկապէս Հայաստան-Լիբանան յարաբերութեան ոլորտը եւ անոնց արձագանգումը պէտք է ըլլան օրինաչափ, որպէսզի ժողովուրդին մօտ յաւելեալ իրարանցում ու յուսաբեկում չյառաջանայ: Հայրենադարձութիւնը համազգային ռազմավարական խնդիր է, իսկ հայրենիքը պարզապէս դժուարութեան մէջ գտնուող հայորդիներու հարցերուն ժամանակաւոր լուծման միջոցը պէտք չէ դառնայ միայն: Այդ ընդհանուր ռազմավարութեան ծիրին մէջ ամբողջ հայաշխարհը պէտք է առնչուի հայրենիքով:

Ժողովականները միահամուռ հաստատեցին, որ ներկայ փուլին այս իմաստով կատարուելիք յայտարարութիւններու ու մեկնաբանութիւններու գծով պէտք է ցուցաբերել չափազանց զգաստ ու հաւասարակշռուած մօտեցում: Առաջնահերթ խնդիրը այսօր լիբանանահայութեան վերականգնումն է, եւ ընկերային ցանցերու ու այլապէս այլ միջոցներով գաղութի տեղաշարժի մասին կատարուած վերլուծումները մեծապէս կրնան հարուածել այս փուլին լիբանանահայ համայնքը: Բնական նկատուեցաւ, որ այս փուլին անտուն մնացած ու հայաստանեան քաղաքացիութիւն ունեցող ու հայրենիքի մէջ հարազատներ ունեցող լիբանանահայեր մեկնին Հայաստան:

Զարեհ Սինանեան անդրադարձաւ Լիբանանէն հայրենիք հաստատուած հայորդիներու ընդհանուր կացութեան: Ողջունելի նկատուեցաւ այն երեւոյթը, որ մեծ թիւով լիբանանահայ ուսանողներ իրենց համալսարանական ուսման համար ընտրած են հայրենիքը, եւ ասիկա ինքնին հայրենադարձութեան լաւագոյն ապացոյց մըն է: Այս առիթով պատուիրակութիւնը յայտնեց նաեւ, որ հայրենի պետութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է եւ ըսած լիբանանեան կողմին, որ ինք պատրաստ է վերականգնումի ծիրին մէջ վերաշինութեան աշխատանքներուն գործնական մասնակցութիւն բերելու:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հաստատեց, որ  գիտակից ենք, որ Հայաստանի մէջ պետականաշինութեան, համահայկական նպատակներու իրագործման, Հայաստանի անվտանգ գոյութեան պահպանման լուրջ գործ կայ կատարելիք: Հայաստանը ո՛չ միայն Հայաստանի համար, այլ նաեւ մեզի համար է, եւ սփիւռքն ալ թէ՛ սփիւռքի ու թէ՛ Հայաստանի համար է: Հանդիպման մասնակցողները շեշտը դրին նման հանդիպումներու եւ երկխօսութեան շարունակականութեան վրայ:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Սեւրի Պայմանագիրը Այսօր Ալ Կը Մնայ Կարեւոր Փաստաթուղթ` Հայկական Հարցի Արդարացի Լուծման Հասնելու Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքին Առումով»

Յաջորդը

Սեւրի Դաշնագրի 100-ամեակին Առիթով Ս.Դ.Հ.Կ.-Հ.Յ.Դ.-Ռ.Ա.Կ. Միացեալ Յայտարարութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?