Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու Լիբանան կատարած զօրակցական այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութեամբ հասաւ Լիբանան եւ անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ երկրի ղեկավարներուն եւ առնչակից ներկայացուցիչներուն հետ: Անոր կ’ընկերանային Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆ եւ Միութեան ներկայացուցչութեան անձնակազմէն անդամներ:
Այս ծիրին մէջ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը այցելեց նաեւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Պուրճ Համուտի կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ անոնք միասնաբար շրջեցան հաստատութեան զանազան բաժանմունքները:
Այս առիթով Շարլ Միշել եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը մօտէն ծանօթացան «Գարակէօզեան» հաստատութեան մատուցած ընկերային ու բժշկական ծառայութեան, յատկապէս` անմիջական բուժօգնութեան եւ նախնական դարմանումի փրկարար ճիգերուն: Շարլ Միշել բարձր գնահատեց հաստատութեան անձնակազմին ցուցաբերած նախանձախնդիր ոգին` առաւելագոյն թիւով վիրաւորներու դարմանումին հասնելու գծով:
Այս առիթով Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել շեշտեց Լիբանանի զօրակցութեան իր պատրաստակամութիւնը: