Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը. Աւելի Քան Երբեք Զօրավիգ Կանգնինք Լիբանանահայութեան

August 10, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն տնտեսական աննախընթաց տագնապ դիմագրաւող լիբանանահայութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն նման ապրեցաւ երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումին աղէտը:

Անոր հետեւանքով մինչ օրս համայնքը ունի 13 զոհ, բազմաթիւ վիրաւորներ եւ աննախընթաց նիւթական վնասներ, յատկապէս հայաբնակ Պուրճ Համուտի մէջ: Մինչ պայթումի վայրին մէջ փրկութեան աշխատանքները կը շարունակուին, պէտք չէ բացառել, որ ի շարս այլ քաղաքացիներու, նաեւ աւելնան հայ զոհերը: Հայկական հաստատութիւնները, որոնք արդէն դժուար կացութեան մէջ կը գտնուէին, ենթարկուած են քանդումի եւ կարօտ են վերաշինութեան: Այս բոլորը կը պատահի, երբ երկրին մէջ նախապէս անկում արձանագրած համավարակի պարագաներն ու զոհերը մտահոգիչ կերպով աւելնալու սկսած են:

Այս բոլորով հանդերձ, պայթումէն անմիջապէս ետք համայնքը արդէն զօրաշարժի ենթարկուած է` նախ հասնելու համար վիրաւորներուն, ապա եւ նախաձեռնելու համար հետեւանքներու վերացման: Ընկերային ցանցերով համայնքի զօրաշարժին հետեւողները արդէն կը տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս անգամ մը եւս համայնքը իր վերապրումի անկոտրում կամքը ցոյց կու տայ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի իր բոլոր ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն անունով իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ ամբողջական զօրակցութիւն` լիբանանահայութեան:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպութիւնը իր գաղափարակից կազմակերպութիւններուն` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի շրջանային ղեկավարութիւններուն հետ համատեղ շրջանի երեք հայահոծ երկիրներուն մէջ արդէն սկսած էր լիբանանահայութեան օժանդակութեան դրամահաւաքի: Այս պայթումէն ետք, երբ աւելի քան երբեք կը զգացուի համայն սփիւռքի զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը մարդասիրական օգնութեան անհրաժեշտ կարիքը զգացող լիբանանահայութեան, կոչ կ’ուղղենք մեր համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ իւրաքանչիւր անհատի իրենց մասնակցութիւնը բերելու այդ դրամահաւաքին:

Պահն է, որ իբրեւ կազմակերպուած համայնքներ փաստը տանք մեր գիտակցութեան` յանձնառու ըլլալու աշխարհացրիւ, բայց միասնական հայկական սփիւռքի մը եւ միջհամայնքային փոխօգնութեան պատրաստակամութեան:

ՀՅԴ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ԱՐԺԱՆԹԻՆ, ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ, ՊՐԱԶԻԼ

Նախորդը

Պուրճ Համուտ. Թաղամասերու Մաքրութեան Եւ Ապակիներու Ու Քարակոյտերու Վերացման Աշխատանքը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Հայրենի «Թերթ» Կայքի Հարցումներուն Պատասխանելով` Բագրատունի. «Հաւաքական Արտագաղթի Շարժում Չկայ Լիբանանի Հայ Համայնքին Մօտ. Մերձաւոր Արեւելքի Մեր Գաղութները Ռազմավարական Իմաստով Կարեւոր Են»

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.