Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Հայահոծ Շրջաններու Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

Օգոստոս 12, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին հետեւանքով, մայրաքաղաք Պէյրութի Մար Մխայէլ շրջանին մէջ արձանագրուած է հայ զոհերու մեծագոյն թիւը: Այս թաղամասին մէջ է, որ նաեւ հայ բնակչութեան բնակարանները գրեթէ փլատակ վիճակի մէջ են: Այս բնակարանները կը գտնուին հիմնովին նորոգութեան անհրաժեշտութեան դիմաց: Էշրեֆիէ եւ Խալիլ Պետեւի շրջաններուն մէջ հիմնականին մէջ քանդուած են բնակարաններու պատուհաններն ու դռները, ինչպէս նաեւ ելեկտրական իրեր եւ մաս մըն ալ տնային կահոյք: Արեւմտեան Պէյրութի եւ Հատասի մէջ համեմատաբար բնակարաններու վնասները աւելի նուազ են: ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին հաստատումով, նշուած շրջանին մէջ շուրջ 600 հայ ընտանիքներու բնակարանները ստացած են վնասներ:

Աղէտէն անմիջապէս ետք արդէն շրջանի երիտասարդութիւնը լծուած է փրկարար աշխատանքի: Յաջորդող օրերուն մաքրութեան եւ քանդումներու պատճառով ստեղծուած աւերի վերացումը կը կատարուի ՀՄԸՄ Պէյրութի, ինչպէս նաեւ կարգ մը պարագաներու Անթիլիասի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերուն օժանդակութեամբ: ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի անդամները նոյնպէս աշխատանքի լծուած են այս շրջանին մէջ: Մաքրութեան առաջին փուլը աւարտած ըլլալով` այժմ կը կատարուի պատուհաններու եւ դռներու առժամեայ դասաւորում: Անտուն մնացած ընտանիքները ժամանակաւոր կերպով փոխադրուած են պանդոկ, իսկ մեծ թիւով ընտանիքներ ապաստանած են այլ շրջաններու մէջ գտնուող իրենց հարազատներուն տուները: Սննդամթերքի ապահովումը ամբողջական է` օտար կազմակերպութիւններու եւ կոմիտէի համատեղ ջանքերով: Կը տրամադրուին նախաճաշ, ճաշ եւ ընթրիք, ինչպէս նաեւ տուփերով սննդամթերք: Երիտասարդական ծառայողական խումբեր, իրենց կազմակերպած նուիրահաւաքի եւ օժանդակութեան աշխատանքները կը համադրեն կոմիտէին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլոր ընտանիքներուն անմիջական կարիքներուն հասնիլ: Կոմիտէն ԼՕԽ-ի հետ գործակցաբար հոգեբաններու ճամբով նաեւ կը փորձէ աղէտի սարսափէն հոգեպէս տուժած հայորդիներուն բժշկական խնամք ապահովել: Բազմաթիւ ընտանիքներու արտասահման բնակող հարազատներ արդէն իսկ չեն զլանար իրենց օգնութեան ձեռքը երկարելու: Կոմիտէն նիւթական հատուցում կը տրամադրէ նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներուն, որպէսզի կարենան այս փուլին սնունդէն անկախ, իրենց անմիջական եւ անհրաժեշտ այլ պէտքերը ապահովել: Պէտք է աւելցնել, որ շրջանի եկեղեցիները, ակումբները եւ կրթական հաստատութիւնները իրենց կարգին ենթարկուած են մեծ քանդումներու:

Պէյրութի շրջանի բնակարաններու նորոգութիւնը եւ որոշ բնակարաններու վերաշինութիւնը մաս կը կազմէ լիբանանահայութեան վերականգնումի ընդհանուր աշխատանքին: Յայտնենք, որ Պէյրութի շրջանին համար արտասահմանեան կարգ մը գաղութներու մէջ միութիւններ կը կազմակերպեն ներքին նուիրահաւաքներ: Մայրաքաղաքի հայութեան ստացած այս մեծ հարուածը կարիքը ունի համահայկական ամբողջական նեցուկի, որուն համար արդէն աշխատանքները ծրագրաւորումէն անցած են գործնականացման փուլ:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պէյրութի Պայթումէն Վնասուած Հայկական Եկեղեցիները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?