Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյսով, Կամքով Ու Կորովով Պիտի Շարունակենք Երթը…

August 20, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումի գործած աւերները  ցնցեցին մայրաքաղաք Պէյրութը, նաւահանգիստի շրջակայքը գտնուող   հայահոծ շրջաններու բնակիչները վայրկեաններու ընթացքին կորսնցուցին ամէն ինչ… Իրենց անցեալի յիշատակները, ներկայի կեանքը եւ ապագայի երազները… Փլած պատեր, փշրուած ապակիներ, անմեղ զոհեր ու վիրաւորներ, ամէնուրեք կը տիրէր վախ, սարսափ, արցունք:

Աղէտին յաջորդող օրերուն,  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի  սկաուտները իրենց միութենականի բարձր գիտակցութեամբ եւ «Մի՛շտ պատրաստ»  նշանաբանին հաւատարիմ մնալով` անցան մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանքի ու կատարեցին Պուրճ Համուտի, Մար Մխայէլի, ժըմմէյզէի, Էշրեֆիէի, Հայաշէնի եւ Զոքաք էլ Պլաթի շրջաններուն մէջ վնասուած թաղամասերու մաքրութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ օժանդակեցին  բնակիչներուն  քանդուած տուներուն վերադասաւորման աշխատանքներուն:

Աղէտէն մէկ շաբաթ ետք` երեքշաբթի,  11 օգոստոս 2020-ին, խումբ մը խմբապետներ, երէցներ ու պարմանուհիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնին կազմակերպած` նաւահանգիստի զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման հաւաքին:

Շաբաթ, 15 օգոստոս 2020-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները, գործակցաբար Պուրճ Համուտի շրջանի քաղաքապետութեան, ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, շարունակեցին  Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ գտնուող  բնակիչներուն վնասուած բնակարաններու մաքրութեան աշխատանքները:

Վիրաւոր հոգիները ամոքելու… Վերականգնելու ու գոյատեւելու լոյս մը սփռելու նպատակով` կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով,  խմբապետներ, երէցներ ու պարմանուհիներ յոյս, կամք ու կորով  ներշնչելու համար նաւահանգիստի պայթումի աղէտէն վնասուած շրջաններու բնակիչներուն, օրհնուած խաղողի ողկոյզներ բաժնեցին Պուրճ Համուտի, Մար Մխայէլի, Էշրեֆիէի եւ Զոքաք էլ Պլաթի շրջաններու բնակիչներուն:

Շուտափոյթ ապաքինում բոլոր վիրաւորներուն, խունկ ու մոմ` զոհուած հայորդիներու յիշատակին:

Աստուած դարմանէ բոլոր հիւանդութիւնները,  խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին, ապահովութիւն եւ անփորձանք օրեր` մեր հայրենիքին ու Լիբանանին:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

Նախորդը

Գերմանական Պատուիրակութեան Այցելութիւնը «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Աղէտեալներու Զօրակցութեան Եւ Օժանդակութեան Ծիրին Մէջ. Գերմանական «Եոհանթըր» Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.