Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր` ընկերակցութեամբ խորհուրդի պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութեան, երէկ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր ընդունուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներուն կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ջանքերն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ այդ ճիգերը գործնականացնելու, արագացնելու եւ դիւրացնելու անհրաժեշտութիւնը` ծառայելու համար քաղաքացիներուն եւ շրջանի բնակիչներուն: