Պապիկեան ընտանիքը, ի յիշատակ Մարի Ֆիլհաննէսեան-Պապիկեանի, որոշած է հաստատել յատուկ հիմնադրամ մը, որ պիտի աջակցի հայ կրթութեան ոլորտին մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրներուն:
Այս որոշումին տուն տուող հիմնական շարժառիթը կը հանդիսանայ հանգուցեալ Մարի Պապիկեանին տասնամեակներ շարունակ հայոց լեզուի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան ինքնանուիրումը եւ յատուկ աւանդ վաստկած իր հայ մօր տիպարը:
Պապիկեան ընտանիքը նաեւ նկատի ունեցած է իրենց հանգուցեալ մօր կտակած ուղերձը` հայապահպանման, հայախօսութեան, հայոց լեզուի իմացութեան եւ հայ գրականութեան իրազեկման համար անդուլ աշխատելու առաքելութեան շարունակումը:
Հիմնադրամին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդենք յառաջիկային: