Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութիւն` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր Համաժողովի Ծրագրաւորման Յանձնախումբի Նիստին

Ապրիլ 20, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

23-25 մարտ 2021-ին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր համաժողովին ծրագրաւորման յանձնախումբը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ շարունակելու համար 31 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր 2022-ին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ նախատեսուած ԵՀԽ Ընդհանուր համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները: Սոյն ժողովին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան:

Ծրագրաւորման յանձնախումբը որդեգրեց «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կ՛առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն եւ միութիւն» թեման եւ 2018-ին Կեդրոնական վարչութեան կողմէ վաւերացուած հիմնական օրակարգը: Եռօրեայ ժողովի ընթացքին յանձնախումբը արծարծեց համաժողովին օրակարգի հարցերը, որոնք առաջարկուած, մանրամասնուած եւ քննուած էին ԵՀԽ-ի աշխատակազմին կողմէն: Օրակարգը կ՛ընդգրկէ` ամէնօրեայ աղօթասացութիւն, թեմական նիստեր, խմբական աշխատանքներ, միջեկեղեցական զրոյցներ եւ «Պրիւննըն» աշխատանոցներ: Հիւրընկալ եկեղեցին` Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցին, առաջարկեց «Պրիւննըն» աշխատանոցի կերպը (պրիւննըն գերմաներէն ջրհոր կը նշանակէ)` որպէս թեմային կապուած մտածումներու արտայայտութեան ապահով եւ բաց տարածք:

Յանձնախումբը դիտել տուաւ նաեւ, որ «Քորոնա» համաճարակն ու ապագայի ազդեցութիւնները շատ հաւանաբար իրենց գերակշիռ տեղը պիտի ունենան Ընդհանուր համաժողովին:

Խօսելով միջեկեղեցական զրոյցներուն մասին փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան ընդգծեց, որ երիտասարդներու կարծիքներուն ու մտահոգութիւններուն առաջնահերթութիւն պէտք է տրուի համաժողովի յանձնարարութիւններուն մէջ. այս առաջարկին միացան ժողովականները միաձայնութեամբ:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդ Վեց Միաբաններ Արժանացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճանի

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Փոխանորդը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս
Գաղութային

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?