Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյսի Պատրոյգներ. Հակառակ Տագնապալի Օրերուն` «Զուարթնոց»-ը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

April 22, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2019-էն այսօր տագնապալի օրեր կ՛ապրինք բոլորս:

Հակառակ սաստկացող դժուարութեանց, Տիրոջ կամքով «Զուարթնոց» կեդրոնը շարունակեց իր առաքելութիւնը, եւ տագնապին պատշաճեցուած միջոցներով մինչեւ օրս յաջողեցանք իրականացնել մեզի վստահուած աշխատանքը:

Ա) Կրթական

Հետեւելով կրթութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով պարտադրուած կացութիւնը, 2020 մարտէն սկսեալ նախաձեռնեցինք առցանց դասերու կազմակերպման եւ գործադրման: Ամէնօրեայ դրութեամբ եւ ուսուցիչ-աշակերտ անհատական կապով փոխանցուեցան անհրաժեշտ այն գիտելիքները, որոնք բնական պայմաններու մէջ կը դասաւանդուէին «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ աշակերտի ներկայութեան:

Ուրախ ենք յայտնելու, որ անհատական կրթական ծրագիրը (IEP) լաւագոյն ձեւով կարելի եղաւ կիրարկել` միաժամանակ ապահովելով աշակերտներուն հոգեկան, մտային ու հոգեշարժողական  առողջութիւնը եւ հմտութիւնները:

Բ) Աշխատանոցային

Կրթականի կողքին, մեր ուսուցիչները յաջողեցան առցանց կապով կազմակերպել աշխատանոցային վարժութիւնները, խմբային դրութեամբ, զարգացնելու համար աշխատանքային հմտութիւնները:

Գ) Նախազգուշացման Դաստիարակութիւն

Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի վտանգը, «Զուարթնոց» կեդրոնը մասնագիտական ձեւով եւ առցանց դրութեամբ ծնողներուն ներկայացուց ժահրին ստեղծած վտանգը, վարակման դէմ պայքարի նախազգուշական միջոցները եւ կատարեց անհրաժեշտ թելադրանքները: Ստեղծելով տեսալսողական կարելիութիւններ` «Զուարթնոց» կեդրոնը հասաւ իր աշակերտներու ծնողներուն` զիրենք տեղեակ եւ արթուն պահելով վարակի տարածման դէմ:

Դ) Խորհրդատուական

Մեր մասնագէտները շարունակեցին թէ՛ առցանց, թէ՛ ներկայութեամբ անհրաժեշտ խորհրդատուութիւնները կատարել մեր ծնողներուն` դժուարին այս օրերուն ստեղծած խնդիրները լուծելու համար:

Բոլոր այս աշխատանքները յաջողութեամբ  կը շարունակուին շնորհիւ «Զուարթնոց», ծնողք- աշակերտ եւ ուսուցիչ նեցուկային խմբակին:

Ե) Նոր կեդրոն եւ նորոգութիւններ

«Զուարթնոց» կեդրոնը սեպտեմբեր 2019 թուականին փոխադրուեցաւ նախկին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի շէնքը: Կատարուեցան շինարարական եւ բարենորոգման աշխատանքներ, որոնց նիւթական ծախսերը ապահովուեցան հաստատութեանց, կառոյցներու, միութեանց, թէ անհատ հայ եւ օտար բարերարներու միջոցով: Դժբախտաբար երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով կարելի չեղաւ հանդիսաւոր բացում կատարել, սակայն «Զուարթնոց»-ը գործեց  իր նոր կեդրոնին մէջ: իր յարմարութիւններով այսօր մեր կեդրոնը օրինակելի կառոյց մը դարձած է:

4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով «Զուարթնոց»-ը եւս կրեց մեծ վնասներ, որոնք շնորհիւ բարերար ձեռքերու նորոգուեցան, եւ կեդրոնը վերադարձաւ իր նախկին վիճակին:

Զ) Օժանդակութիւններ

«Զուարթնոց» կեդրոնը ինք հասութաբեր հաստատութիւն մը չէ, այլ կը գործէ շնորհիւ ազնիւ բարերարներու աջակցութեան: Տարիներու վրայ իրենց օժանդակութիւնը շարունակած մեր բարերարներուն վրայ եկան աւելնալու նորեր, որոնք ստեղծուած նոր տագնապներուն դիմաց սիրով ընդառաջեցին մեր դիմումներուն: Երախտագիտութիւն կը յայտնենք բոլոր բարերարներուն, որոնք կը շարունակեն կանգուն պահել «Զուարթնոց»-ը եւ հասնիլ մեր աշակերտներուն:

Անցնող ամիսներուն մեզի հասած օժանդակութիւններէն անմասն չմնացին ծնողները: Արդարեւ, կարելի եղաւ յատկացնել 51 միլիոն լ. ո. ընտանեկան պարագաներուն, 350 սննդեղէնի ծրար, 50 հականեխիչ դեղերու ծրար, բրդեղէն եւ տօնական օրերու նուէրներ, ինչպէս նաեւ այլ կարիքներ: «Զուարթնոց» նաեւ ստացաւ մեծ քանակութեամբ հականեխիչ դեղեր, որոնք կը գործածուին ամէնօրեայ դրութեամբ կեդրոնի հականեխման համար:

«Զուարթնոց»-ը կ՛ապրի հաւաքական ճիգով: Բարերարներ, վարչութիւն, ընկերային ծառայողներ, ուսուցիչներ, տնօրէնութիւն, ծնողք, աշակերտ եւ ազգային կառոյցներ, միասնաբար կը սատարեն «Զուարթնոց»-ի առաքելութեան իրականացման:

Հաւաքական ճիգով նաեւ մենք կը ձգտինք տեւաբար ստեղծել դրական եւ յուսատու մթնոլորտ:

Մեր ծնողներուն կը մաղթենք յաւելեալ կորով, ուժ, համբերութիւն, առողջութիւն եւ անվտանգ օրեր:

Շնորհակալութի՛ւն մեր բոլոր բարերարներուն:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

«Մարի Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Հաստատում

Յաջորդը

Վերջին Հրաժեշտ` Կուսակցական-Հասարակական Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.