Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Քու Կողքիդ Է, Լիբանանի՛ Հայութիւն»

Սեպտեմբեր 6, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

(Հատուած` Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն)

Կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հակիրճ կերպով անդրադառնալով Հայաստանի ու Լիբանանի ներկայ տագնապալից կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն: Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ պիտի ըլլայ Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կողքին` բոլորին աջակից ու զօրակից իրենց կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ.

«Անթիլիասը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը քեզի՛ հետ է: Անթիլիասը հոն չէ՛, հո՛ս է: Դո՛ւք էք Անթիլիասը: Ան ձեզմէ հեռու, ձեզմէ դուրս ու ձեզմէ վեր չէ: Ան հո՛ն է, ուր որ է մեր ժողովուրդը: Հո՛ն է, ուր մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներու կենսաւորման կարիքը կայ: Հո՛ն է, ուր հայ դպրոցի հայակերտման առաքելութեան վերակազմակերպման պահանջը կայ: Հո՛ն է, ուր ազգային պահանջատիրական պայքարի հզօրացման պէտքը կայ: Հո՛ն է, ուր ընկերային ծառայութեան օժանդակութեան հրամայականը կայ: Ա՛յս յանձնառութեամբ եկած ենք եւ սա պահուն այս սրբազան խորանէն հետեւեալ յայտարարութիւնը կ՛ուզենք կատարել.

Ա) Ինչպէս անցնող ամիսներուն, կաթողիկոսարանը պիտի շարունակէ օժանդակել մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն: Այս ծիրին մէջ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին կաթողիկոսարանին ճամբով մէկ միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի նոյն նպատակին համար անխտիր մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն` բոլոր շրջաններուն մէջ:

Բ) Որպէսզի բնակարանային դժուարութիւններ ունեցող մեր ընտանիքներուն եւ յատկապէս նոր ընտանիք կազմող երիտասարդ զոյգերուն յարմար կարելիութիւններ ստեղծուին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած բնակարանային ծրագիրին կաթողիկոսարանին կողմէ պիտի յատկացուի չորս միլիոն տոլար: Արդ, կարելի պիտի դառնայ, նա՛եւ Լիբանանէն ներս թէ դուրս ապրող ազգայիններու մասնակցութեամբ, յառաջիկայ ամիսներուն 63 յարկաբաժիններէ բաղկացած յիշեալ ծրագիրին առաջին միաւորը ամբողջացնել:

Գ) Ֆանարի ժողովրդային տուներուն մէջ ապրող ընտանիքներուն մեծ մասը սեփականատիրութեան իրաւունքը չունի, որովհետեւ տակաւին շուրջ չորս միլիոն տոլար վճարելիք ունի կաթողիկոսարանին` իբրեւ սեփականատէր: Տնտեսական ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ, Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն դիմաց: Հետեւաբար, որոշած ենք կաթողիկոսարանին նկատմամբ մեր ընտանիքներուն ունեցած մնացեալ նիւթական պարտաւորութիւնը չեղեալ նկատել: Սակայն ապահովելու համար սեփականատիրութեան կալուածաթուղթը, որ կապուած է պետական գրասենեակներուն, անհրաժեշտ է, որ ընտանիքները շուտով կապ հաստատեն Ֆանարի կաթողիկոսարանի գրասենեակին հետ` անհրաժեշտ տեղեկութիւնները եւ ուղղութիւնը ստանալու համար:

Դ) Շաբաթներ առաջ թելադրած ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն, որպէսզի դարձեալ հանգանակութիւն կատարեն Լիբանանի թեմի կարիքներուն յատկացուելու համար: Հանգանակութիւնը արդէն սկսած է:

Ե) Գաղութ մը իր ինքնութիւնն ու հզօրութիւնը կը պահէ հայ դպրոցին կենսատու ներկայութեամբ: Հետեւաբար, կը ծրագրենք օգտակար հանդիսանալ նա՛եւ թեմի Ազգային վարժարաններուն, որպէսզի անոնք կարենան վերանորոգ նուիրումով շարունակել հայակերտումի իրենց առաքելութիւնը:

Սիրելի՛ Լիբանանի հայութիւն, դուք սովորական գաղութ մը չէ՛ք ու պէտք չէ՛ դառնաք: Դուք սփիւռքի հայութեան ողնասի՛ւնն էք եւ կեդրոնական տեղ ու առանցքային դեր ունիք համահայկական կեանքի մայր էջին: Լիբանանի մէջ հայ համայնքը երկրորդական համայնք մը չէ, այլ եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը: Հետեւաբար, ձեր ըսելիքն ու ընելիքը ունիք երկիրը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Պէտք է միշտ կառչած մնաք ձեր համայնքային իրաւունքներուն: Մեր սպասումն է, որ ա՛յս ինքնագիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ լծուիք վերակազմակերպումի ու վերականգնումի աշխատանքին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?