Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի. Մանկական Շարժական Փոքր Խաղավայրի Բացում Պուրճ Համուտի Մէջ

Սեպտեմբեր 4, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի նահանգապետ դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուիի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ու խուռներամ բազմութեան, չորեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2021-ի յետմիջօրէին Պուրճ Համուտի մէջ բացումը կատարուեցաւ մանկական շարժական փոքր խաղավայրի մը: Նախ եւ առաջ խօսք առաւ խաղավայրը հիմնած` «Նասսանտ» միութեան նախագահ Կիտա Նաուամ, պարզելով իր գլխաւորած միութեան ճիգերը, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք: Նոյն ծիրին մէջ  Պէյրութի շտապ օգնութեան պատուիրակութեան յառաջատար ներկայացուցիչ, ճարտարապետ Շարպել Թաուիլ խօսք առնելով անդրադարձաւ մանկական այս ծրագիրի գաղափարի կարեւորութեան եւ անոր իրագործման քայլերուն:

Իր կարգին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան արաբերէն իր խօսքին մէջ նշեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ այլ իրերայաջորդ դէպքերու յառաջացուցած տագնապները հարուածեցին ընկերութեան բոլոր խաւերը, սակայն ամէնէն աւելի ազդուեցան եւ տուժեցին մանուկները, որոնք արժանի են հոգածութեան ու պաշտպանութեան: Գրիգորեան այս առիթով քաղաքապետութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ միութեան տարած ճիգերուն եւ նպաստին:

Իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ նահանգապետ Մաքքաուի, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց մանկական այս փոքր տարածքի բացման իր մասնակցութեան համար` նշելով, որ այս քայլը երեխաներու ամէնէն պարզ իրաւունքն է` ապահով խաղավայր մը ունենալու գծով: Լեռնալիբանանի նահանգապետը շեշտեց տեղական իշխանութեան, քաղաքացիական ընկերութեան եւ կեդրոնական վարչամեքենային միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ի սպաս ընկերութեան կարիքներու հոգածութեան: Դատաւոր Մաքքաուի շնորհաւորեց «Նասսանտ» ընկերութիւնն ու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը` ընդգծելով «թաղային խաղավայրի» կարեւորութիւնը: Ապա դատաւոր Մաքքաուի, «Նասսանտ»-ի նախագահ Կիտա Նաուամ եւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան պաշտօնապէս բացումը կատարեցին մանկական շարժական այս փոքր խաղավայրին:

Նշենք, որ խումբ մը մանուկներ, գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, օգնած են այլ մանուկներու խումբի մը ` զարդարելու մանկական այս շարժական խաղավայրը, որ դրսեւորումն է «Փարթիսիփլէյ» կոչուող, ներկով ու ցանքով յատկանշուող մանկական վերջնական այս դրոշմներուն

Այս ծրագրի գաղափարը յատուկ մանուկներու համար  յղացած եւ պատրաստած են Շուէտի «Շալմըրզ» համալսարանի ուսանողներ, որպէսզի մանուկները կարենան յաղթահարել  դէպքերու յոգեցնցումին հետեւանքները:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Յատուկ Լիբանան Գտնուող Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Ու Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Հետ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս
Գաղութային

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?