Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծովիկ Առնելեանի Իգականութեան Զգայացունց Իւրայատկութիւններու «24 Եունիվըրզըս» Խորագրեալ Անհատական Առաջին Ցուցահանդէսը

September 14, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայութեամբ Ճափոնի դեսպան Թոքումիցու Մուրաքամիի, հինգշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2021-ին բացումը կատարուեցաւ Ծովիկ Առնելեանի անհատական առաջին ցուցահանդէսին, «Արթլապ» ցուցասրահին  (Artlab Gallery) մէջ, Ժմմէյզէ:

Առնելեանի «24 եունիվըրզըս» («24 տիեզերք») խորագրեալ անհատական առաջին այս ցուցահանդէսի 24 սկաւառակաձեւ ստեղծագործական տարբեր պատկերները կը ցոլացնեն հայրիշխանութենէն ձերբազատելու մղուող իգական ուշագրաւ հաղորդականութեան ոճ: Երիտասարդ գեղանկարիչը կը փորձէ իր մարմնի զգայացունց մասնիկներու (կրծքագեղձեր…) գեղանկարչական պատկերացումով, զանոնք դրսեւորել ու փոխանցել, իր բառերով` «տպել» հօրը նուագարանի` սաքսոֆոնի կլոր ծակտիկներու կածանի հաշուետուութեան: Գեղանկարչական խորաթափանց գոյներու ներդաշնակութեամբ յատկանշուող սկաւառակաձեւ «24 տիեզերք»-ի ընդմէջէն գեղանկարիչը կը դրսեւորէ իր համակ պոռթկումը` հայրիշխանական ինքնամփոփ ու սահմանափակ, ճնշուած ընկերութեան դէմ` համարձակօրէն արտայայտուելու ազատութեան  պահանջով: Գեղանկարչական 24 տարբեր պատկերներով ան կը ներկայացնէ 24 աշխարհներու միաձուլումը` իգականութեան ճնշուած զգայնութիւններուն հաշուետուութեան կածանին վրայ:

24 քառանկիւն, տարբեր շրջագիծերու մէջ զետեղուած իւրաքանչիւր սկաւառակաձեւ պատկերի կեդրոնական մասը կը ներկայացնէ տիեզերքի առանցքային կորիզը կազմող իգական գերզգայուն իւրայատկութիւնը, զգայնութիւնը: Շրջագիծի սեւ ու անշարժ ենթահողին հակադրուող պատկերները շրջանակաձեւ ու գունագեղ են: Այս հակադրութիւնը կը ստեղծուի ցոլացնելով իգական` ֆեմինիստ արուեստի ուժն ու պոռթկումը, ընդդէմ փակ ու սահմանափակ հայրիշխանական ընկերութեան:

Ծովիկ Առնելեանի «24 եունիվըրզըս» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 25  սեպտեմբեր 2021, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, «Արթլապ» ցուցասրահին մէջ:

Նախորդը

Գիտական Նորութիւններ

Յաջորդը

Մտայղացքային Արուեստի Եւ Կենդանի Ներկայացումներու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.