Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Սեպտեմբեր 4, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ հոկտեմբեր 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովին մասնակցած լիբանանցի հանրածանօթ մտաւորականներ` թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Լէյլա Նիքոլա եւ մտաւորական ու հաղորդավար Ղասսան Շամի 2 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակը շնորհաւորելով հրապարակեցին հետեւեալ գրութիւնները.

Դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին

«Արցախի ճակատագիրն է Կովկասի մէջ, Անատոլուի մէջ եւ աշխարհի վրայ հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան առաջին գիծը ըլլալ, եւ թէեւ 30-ամեայ անկախութիւնը խոցուեցաւ երկու թուրանական ցեղապաշտութիւններուն ձեռամբ եւ մեծ տէրութիւններու խաղերուն ու ստոր շահերուն կողմէ, սակայն մարդկութենէն ոչ ոք կրնայ փոխել այն ճշմարտութիւնը, թէ Արցախի հայկական ինքնութիւնը մշակութային է, պատմական է, քանդակ է, եկեղեցի է, խօսք է` ամրագրուած իւրաքանչիւր քարի տակ եւ Կովկասի մէջ Աստուծոյ հողի իւրաքանչիւր հատիկի ծակտիքներուն մէջ:

Եւ ինչպէս ցեղասպանութեան դատը չի մեռնիր, որովհետեւ անոր ետին անոր դրօշը պարզողը կայ եւ իրաւունք է, նոյնպէս ալ Արցախը պիտի մնայ ինքնութեան, արդարութեան եւ ազատութեան խորագիր մը»:

Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա

«Ճակատամարտի մը պարտութիւնը, հողի կորուստը չի նշանակեր, թէ կամքը կոտրուած է,

Վճռակամութիւն մը, որ կը նմանի այդ ժայռոտ լեռներուն,

…Հողին մէջ խորացած արմատներ, եւ երկնքին հասնող բարձր ճակատներ,

…Անոնք հողին տէրերն են. երէկ կռիւի կամքով ազատագրեցին հողը եւ վաղը նոյն կամքով պիտի ազատագրեն զայն ու աւելին:

Անկախութեան 30-ամեակ #Արցախ»:

Ղասսան Շամի

«Չկայ ընթերցող մը կամ խոհեմ մը, որ չտեսնէ, թէ Արցախի դատը զոհն է միջազգային ախորժակներու. երբ մեծ տէրութիւնները ճիւաղի կը վերածուին, խաղաղասէր ու կեանքը սիրող փոքր ժողովուրդները սպանութեան ու տեղահանման թիրախի կը վերածուին:

Կը թուի, թէ այս է պատմութեան օրէնքը, սակայն ի յայտ կու գայ, թէ ընդհանրապէս հայերը եւ մասնաւորաբար Արցախի մէջ, պատմութեան մինչեւ ցեղասպանութեան հասնող այս անիրաւութեան ենթարկուեցան, եւ անոնց չար բախտէն աշխարհագրութիւնը զանոնք դրացի դարձուց բարբարոսներուն, այսինքն` օսմանցի եւ թուրք կայսրութիւններուն ու պատմութեան ընթացքին անոնց իրաւայաջորդներուն: Թուրքերը, որոնք իրենց սովորական ենիչերիութեամբ բնաջնջեցին իրենց ներխուժած բոլոր քաղաքակրթութիւնները, մարդկութեան ոչ իսկ մէկ քաղաքակրթական ձեռքբերում պարգեւեցին, եւ եթէ Վիեննայի մօտ կանք չառնէին, պիտի սպաննէին Եւրոպայի ապագան եւ այդտեղ տարածէին «ցիցի մշակոյթ»-ը, եւ դժբախտաբար եւրոպացիք մինչեւ այս պահս անցեալի դասերէն չեն սորված:

Արցախի հարցը արդի աշխարհի քարտէսին վրայ երեւան եկաւ` պատմելով հեռաւոր ու հանդարտ շրջանի մը մէջ գտնուող փոքրաթիւ ժողովուրդի մը մասին, որ կը ջանայ արժանապատիւ կերպով ապրիլ իր պապերուն ու սուրբերուն հողին վրայ, որ երկար ժամանակ պայքարեցաւ եւ իր լաւագոյն զաւակները զոհաբերեց` պահպանելու համար իր հողը, լեզուն ու ժառանգութիւնը, եւ տարիներու ընթացքին կարողացաւ ազատութեան ու ապրելու ձգտող ժողովուրդներու բնորդ մը դառնալ, սակայն աշխարհագրութեան անէծքը, թրքական բարբարոսական պատմութեան ծանր բեռը, երկար ժամանակ գերիշխանութեան կորուստը, ինչպէս նաեւ այն պատճառով, որ աշխարհը չի մտածեր ճնշուածներն ու անիրաւուածները պաշտպանելու մասին, այլ մարդասպաններուն ու բռնատէրերուն հետ կը գործակցի, պատճառ դարձաւ, որ տեղի ունենայ անիրաւ պատերազմ մը, որ Արցախի բնակիչներէն խլեց անոնց պատմական մայրաքաղաք Շուշին, անոր հոյակապ տաճարով ու այլ կարեւոր վայրերով, եւ մարտիկներու եւ անզէն քաղաքայիններու նահատակութեան պատճառ դարձաւ:

Ապագայ պատերազմին կրակը տակաւին մոխիրին տակն է, եւ Արցախի մէջ խաղաղ մարդիկ կը շարունակեն շրջանային-միջազգային պայքարին մէջ ապագայ զոհեր մնալ: Անոնց միակ ապաւէնը իրենց սեփական ուժն է, իրենց միասնականութիւնը եւ հայերուն աշխարհի տարածքին իրենց նման ազատութեան ու խաղաղութեան ձգտող այլ ժողովուրդներուն հետ կողք-կողքի կանգնիլը:

Քաղաքականութեան մէջ սխալներ կը գործուին, եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցածին մէջ կան քաղաքական սխալներ, որոնք պէտք է լաւապէս սերտել եւ օգտուիլ անոնց դասերէն, որպէսզի պատմութիւնը ինքզինք չկրկնէ:

Արցախի անկախութենէն երեսուն տարի անցած է. այս անկախութիւնը պէտք է աճի ազատութեան ու յառաջդիմութեան դրօշին տակ, եւ ատիկա տեղի պիտի ունենայ միայն իրաւունքներու վերատիրացումէն ետք: Արդարեւ, առանց Արցախի բնակիչներուն իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալուն, չկայ յառաջդիմութիւն եւ չկայ խաղաղութիւն այդ աշխարհի գեղեցիկ շրջանին մէջ, որ կը պատկանի հայերուն, անոնց զաւակներուն, անոնց նուռերուն, անոնց սուրբերուն եւ նահատակներուն:

Առանց ատոր խաղաղութիւնը յետաձգուած կը մնայ»:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

 

Նախորդը

Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի. Մանկական Շարժական Փոքր Խաղավայրի Բացում Պուրճ Համուտի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանան-Քորէա Յարաբերութեանց 40-Ամեակին Առիթով. Յ. Բագրատունի. «Երկու Երկիրները Ժառանգած Են Դարաւոր Քաղաքակրթական Աւանդ Եւ Ժողովուրդները Քաջ Կ՛արժեւորեն Ազատութեան, Կրթութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Արժանիքները»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?