Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միաբանական Հաւաք` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

September 3, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ միաբանական հաւաք տեղի ունեցաւ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պօղոս առաքեալի` կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին 13-րդ գլխուն 5-7 համարները ու Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակի երկրորդ գլխուն 14-17 համարները մէջբերելով` կաթողիկոսը շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ եւ զանոնք կեանքի վերածելու հրամայականը: «Այս երկու տարածքները մարդու կեանքին սերտօրէն ընդելուզուած են, այլ խօսքով` հաւատքը հաւատարմութեամբ ինքզինք կ՛արտայայտէ ու հաւատարմութիւնը նուիրումով ու ծառայութեամբ կը թարգմանուի», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ներկայ ահաւոր դժուարութիւններուն` կաթողիկոսը շեշտեց համայնքին գործնապէս նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան ողջունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերուն մէջ տեղի ունեցող հանգանակութիւնը եւ թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ներկայութիւնը` հակառակ համաճարակի ստեղծած ներկայ դժուար պայմաններուն: Հայրապետը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է իր ժողովուրդին կողքին, նոյնիսկ` ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ, որովհետեւ` «Ժողովուրդին ծառայելով է, որ եկեղեցին կը դառնայ ճշմարտօրէն եկեղեցի»:

Միաբանական հաւաքէն ետք, ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, միաբանական ընթրիք տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ:

 

Նախորդը

Մեր Կեանքէն. 42 Տարուան Մանկապարտէզպանուհին

Յաջորդը

«Պէտք Է Այնպէս Աշխատիլ, Որ Հասարակութիւնը Արեւմտահայ Թատրոնի Անհրաժեշտութիւնը Զգայ» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.