Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ, 11 սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի:
Խորհուրդը յանձնեց շնորհակալագիր մը, ուր կ՛ըսուի.
«Վեհափա՛ռ տէր,
Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին անունով, սոյն գրութեամբ կը դիմենք ձեզի, արտայայտելու մեր շնորհակալութիւնն ու բարձր գնահատանքը` ձեր ցուցաբերած հայրական գուրգուրանքին ու հոգածութեան համար:
Երկարամեայ ձեր հոգածութեան նորագոյն արտայայտութիւնները հանդիսացան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն կարճ ժամանակ ետք արդէն ձեր հօտի կողքին ըլլալը, ապա` լիբանանահայութեան ու Պուրճ Համուտի բնակչութեան կարիքներն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ջանքերուն մօտէն հսկելն ու զօրավիգ կանգնիլը:
Անմիջապէս այս հարցերու կողքին, ձերդ սրբութեան ուշադրութենէն չվրիպեցան նաեւ ազգային ու հեռանկարային հարցերը: Այսպէս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ծրագիրներէն «Սեն Ժաք» համալիրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն իրազեկ դառնալով, շրջանի դիմագիծին պահպանման, երիտասարդութեան արմատաւորման եւ ընկերային լուրջ դժուարութեան մը յաղթահարման նպատակով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աջակցութիւնը կը շնորհէք` յաղթահարելու համար այդ դժուարութիւնները:
Մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը վերահաստատելով` կ՛եզրափակենք Ձեզի մաղթելով արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն»:
Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ այն, ինչ որ եկեղեցին կ՛ընէ եւ պիտի շարունակէ ընել, պարտքն ու կոչումն է, որովհետեւ եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին:
«Այդ պատկանելիութեան զգացումը անհրաժեշտ է զարգացնել եւ ամրապնդել», ըսաւ ան` յիշեցնելով իր հեղինակած հատորներէն երկուքին խորագիր ընտրած «Եկեղեցին` պատէն անդին» կարգախօսը, եկեղեցին առաջնորդելու դէպի ժողովուրդ, ժողովուրդին մէջ: Չի բաւեր խօսիլ, թելադրել, քարոզել, այլ` անհրաժեշտ է գործնական աշխատանքով ըլլալ ժողովուրդին մէջ, ժողովուրդին կողքին. եկեղեցին մանաւանդ այս պայմաններուն մէջ ժողովուրդին պէտք է տայ ինչ որ ունի:
«Քրիստոս այդպէ՛ս ըրաւ. նախ գնաց ժողովուրդին մօտ, քարոզեց, ծառայեց, ապա` անոր կոչ ուղղեց իրեն հետեւելու, եւ ո՛չ հակառակը», բացատրեց վեհափառ հայրապետը` յայտնելով, որ խնդրած է բոլոր շրջաններու եւ յարանուանութիւններու կարիքաւոր հայ ընտանիքներու ցանկագրումը` անոնց օժանդակութիւն ապահովելու համար:
Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ երբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ էր, կազմուեցաւ բնակարանային յանձնախումբ` բնակարաններ ապահովելու բնակչութեան: Ասիկա Պուրճ Համուտի ռազմաքաղաքական նշանակութեան գիտակցութենէն բխած քայլ էր. այդ նշանակութիւնն ու Պուրճ Համուտի, Այնճարի պէս համախումբ հայկական բնակավայրերու դիմագիծը պէտք է պահպանել, ըսաւ ան:
«Վերջին տարիներուն զանազան պատճառներով այս դիմագիծը աղօտ կը դառնայ» հաստատեց ան` ընդգծելով այս ծիրին մէջ «Սեն Ժաք» համալիրի կարեւորութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս ուղղութեամբ թափած ճիգերուն պէտք է միանայ կարողութիւնը ունեցող ազգայիններուն մասնակցութիւնը:
Արամ Ա. կաթողիկոս բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի դիմագիծի պահպանման համար Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի միակամօրէն ի գործ դրած ճիգերը` ընդգծելով, որ լիբանանեան իրականութիւնը կը պարտադրէ իւրաքանչիւր հաւաքականութեան ինքնակազմակերպումը:
Ան յաջողութիւն մաղթեց քաղաքապետական խորհուրդին: