Գաղութային

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ներկայացուցիչներ Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութենէն, ֆրանսական քաղաքապետութիւններէն եւ Լիբանանի Միացեալ քաղաքներու ու պետական տեղական կազմակերպութիւններէն, 22 սեպտեմբերին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն  քննարկելու համար գործադրութեան քայլերը «Լիբանանի հետ համերաշխութեան ֆոնտ» խորագրեալ ծրագիրին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան քաղաքապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ խիստ կարիքներու մէջ եղող ընտանիքներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վալերի Տըմոնթէ` ծրագիրի նախագահ եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նախագահ Անասթասիատեսի Կեցուածքը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ իր խոր գնահատանքը արտայայտեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի Թուրքիոյ վերաբերեալ «յանդուգն ու արդարացի» յայտարարութեան համար: «Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ խօսած է բարի դրացիական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութեան մասին: Ես կը զարմանամ, երբ ատիկա կ՛ըսէ Էրտողանը: Իսկ ո՞ր երկիրն...

Գէորգ Եպս. Ասատուրեան  Եւ Հայր Անտոն Ադամեան  Այցելեցին «Ազդակ»

Գէորգ Եպս. Ասատուրեան Եւ Հայր Անտոն Ադամեան Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ` երեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց թեմի Միչիկընի հոգւոր հովիւ Հայր Անտոն Ադամեան երէկ երեկոյեան այցելեցին «Ազդակ»: Տնօէնութեան հետ կայացած զրոյցը կը վերաբերէր լիբանանահայ համայնքի այսօրուան խնդիրներուն, Միչիկընի հայ գաղութին եւ հայրենիքի մէջ կաթողիկէ յարանուանութեան պատկանող հաստատութիւններու գործունէութեան:  

Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ  Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Բացայայտեցին Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ոճրագործ Դիմագիծը

Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Բացայայտեցին Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ոճրագործ Դիմագիծը

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմէն տարի մը ետք, երէկ` երկուշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի խաղաղ ցոյց մը` լիբանանահայ երիտասարդներու եւ ուսանողներու կողմէ: Ցոյցին ընթացքին դատապարտանքի կարգախօսներ ուղղուեցան Ազրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ: Այս առիթով Լարա Գարակէօզեան արաբերէնով արտասանեց հետեւեալ խօսքը. «Ի՞նչ...

«Ժողովուրդ Մը Իր Նահատակներով Կը Մեծնայ,  Կը Հզօրանայ Ու Կը Յաւերժանայ»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ժողովուրդ Մը Իր Նահատակներով Կը Մեծնայ, Կը Հզօրանայ Ու Կը Յաւերժանայ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

27 սեպտեմբեր 2020-ը ճակատագրական եւ հայոց պատմութեան մէջ իր սեւ կնիքը դրոշմած թուական մը եղաւ: Արդարեւ, անգամ մը եւս Արցախ աշխարհը թուրք-ազրպէյճանական բարբարոսութեան ենթարկուեցաւ, որուն հետեւանքով հայ ազգը տուաւ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200-է աւելի գերեվարուածներ, հարիւրաւոր անհետ կորած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ կորսնցուց հողային հսկայ տարածքներ: Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ...

«Միշտ Ձեր Կողքին» Խորագիրով  Առցանց Ձեռնարկ`  Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած

«Միշտ Ձեր Կողքին» Խորագիրով Առցանց Ձեռնարկ` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ին եւ ԶՈՄ-ին, երէկ` կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմի նահատակներուն յիշատակին նուիրուած «Միշտ ձեր կողքին» խորագիրը կրող առցանց ձեռնարկը: Բացման խօսքը արտասանեց Նանի Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, թէ ձեռնարկը նուիրուած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի արհաւիրքին, անոր ստեղծած անելանելի հոգեվիճակին, հերոս տղաներու յիշատակին եւ ապացուցելու երիտասարդութեան կամքն ու անխախտ...

Ֆրանչիսկոս Պապը Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին Շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին Շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնը

  3217 Երէկ` ուրբաթ, 24 սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս պապը հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին ու անոր ընկերացող Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը նորընտիր պատրիարքին յանձնեց «Եկեղեցական հաղորդութեան» վաւերագիրը, որուն մէջ պապը կը յայտնէ, թէ «ինք եւս կը միանայ եկեղեցւոյ ուրախութեան` պատրիարքի ընտրութեան համար»` նշելով, որ «Աստուծոյ սուրբ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ներկայացուցիչներու Տան Որոշումը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենասի, Էտըմ Շիֆի եւ Փրետ Շըրմընի ներկայացուցած ուղղումի որդեգրումը, որ Ազրպէյճանէն կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, որոնք մարդկային իրաւանց միջազգային հռչակագիրներու խախտումով` ապօրինաբար բանտարկուած կը պահուին եւ չարչարանքներու կ՛ենթարկուին: Լիբանանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Նորակազմ Կառավարութեան Հայ Նախարար Ճորճ Պուչիքեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Նորակազմ Կառավարութեան Հայ Նախարար Ճորճ Պուչիքեանը

Հինգշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին իր առաջին այցելութիւնը տուաւ նորակազմ կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացնող ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը: Նախարար Պուչիքեան իր աշխատանքին սկսելէ առաջ վեհափառ հայրապետին այցելած էր անոր օրհնութիւնը ստանալու համար: Արդարեւ, նախարարը իր խոստումը տուաւ վեհափառ հայրապետին Լիբանանին ու Լիբանանի հայութեան նուիրումով ծառայելու: Ապա, ան ընդհանուր գիծերով պարզեց իր...

Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան Ընտրուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք

Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան Ընտրուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք

Երէկ` 23 սեպտեմբեր 2021-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ընտրական սիւնհոդոսը տարածեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ընտրական սիւնհոդոսը, որ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի յաջորդի ընտրութեան աշխատանքներուն սկսած էր Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ երկուշաբթի 20 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան` Ս. պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ, յետ խորհրդակցութիւններու, իր 23 սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան նիստին ընտրեց Հայաստանի,...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Քրիսթին Արզումանեան, Ճօ Զուլիքեան եւ Ցոլեր Թալաթինեան, չորեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուի հետ: Աւելի քան մէկուկէս ժամ բացառիկ փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող հարցեր եւ զարգացումներ: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին...

Հայրենիքին Անկախութիւնը  Առանցքն Է Ազգի Հզօրութեան

Հայրենիքին Անկախութիւնը Առանցքն Է Ազգի Հզօրութեան

Ստորեւ կու տանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 30-ամեակին առիթով: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Հայաստանի անկախութիւնը: 44-օրեայ պատերազմին մեծ թիւով զոհեր տուինք, բազմաթիւ գերիներ եւ վիրաւորներ ունեցանք ու հսկայ տարածքներ կորսնցուցինք: Մեր ժողովուրդը...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Խմբապետական Վարժանիստ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Խմբապետական Վարժանիստ

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Շրջանային խմբապետութեան, կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, Ֆանարի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի  խմբապետական դաստիարակչական վարժանիստ մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ  Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերու  խմբապետական կազմերուն: Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչը եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն անդամներ: Ակամայ երկար...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման  30-Ամեակին Առիթով Գոհաբանական  Մաղթանք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 30-Ամեակին Առիթով Գոհաբանական Մաղթանք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 30-ամեակին նուիրուած Գոհաբանական մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին: Յընթացս պատարագին, վեհափառ հայրապետը հայրապետական թափօրով բարձրացաւ Ս. խորան: Իր աղօթքին մէջ ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ Միածին Որդիին չարչարակից հայ ազգն ու եկեղեցին ազատեց մահէն ու հաղորդակից ըրաւ Իր փառաւոր...

«Մարդասիրական Օժանդակութիւններ  Տրամադրելով Հանդերձ Միացեալ Նահանգներու  Քաղաքականութեան Մէջ Զինուորական  Օժանդակութեան Օրակարգ Չկար»  Կը Հաստատէ Դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան

«Մարդասիրական Օժանդակութիւններ Տրամադրելով Հանդերձ Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութեան Մէջ Զինուորական Օժանդակութեան Օրակարգ Չկար» Կը Հաստատէ Դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան

«Ազդակ»-ի 35-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2021-ին: Դասախօսն էր Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան: Նիւթ` «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական օգնութիւն տրամադրելու հարցը 1919 թուականի աշնան»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ հաստատեց, որ նիւթը կը տեղադրուի իբրեւ լայնածաւալ հատուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Միացեալ...

Հաղորդագրութիւն

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-Կամք. Օրինակելի Աջակցութիւն` Արագածի Բնակիչներուն

Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ի ծառայողական ընդհանուր աշխատանքներուն ծիրին մէջ, Արագած շրջանի «Դրօ» կոմիտէութեան ջանքերով ապահովուեցաւ Միացեալ Նահանգներէն տիկին Ժենի Եդդեմի աջակցութիւնը` հիմնականին մէջ Արագածի բնակչութեան կարիքներուն: Տիկին Եդդեմ ակումբի երիտասարդներուն հետ միատեղ կարիքաւոր ընտանիքներուն բաշխեց 250 միլիոն լիբ. ոսկի, ինչպէս նաեւ շրջանի երեխաներուն համար կոմիտէութեան տրամադրութեան տակ դրաւ 200 չափաբաժին կաթ եւ վիթամին դեղորայք: Որոշ քանակութեամբ դեղորայք տրամադրուեցաւ նաեւ Երեսփոխանական գրասենեակին:...

Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ը Նոր Աշխատանքներու Սեմին

Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ը Նոր Աշխատանքներու Սեմին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 14 սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայա, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Նիստին մասնակցեցան յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ՝ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան (հեռակայ) եւ Խաչիկ Տէտէեան։ Վեհափառ Հայրապետը  գնահատեց մայիս 18-ին, Երեւանի մէջ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ․գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» հատորին շնորհահանդէսը։ Հիմնադրամի այս 14-րդ հատորը Հայաստանի Ա․Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին...

Page 130 of 365 1 … 129 130 131 … 365

Արխիւներ