Գաղութային

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ.  Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Տոլար`  Լիբանանահայութեան Հրատապ Կարիքներուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ. Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Տոլար` Լիբանանահայութեան Հրատապ Կարիքներուն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու տեղական մարմինին ջանքերով սեպտեմբեր 2021-ի ընթացքին 1.000.000 ամերիկեան տոլար հաւաքագրուած եւ փոխանցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային, ինչպէս նաեւ հայ կրթական հաստատութիւններու կարիքները հոգալու նպատակով: Սոյն դրամահաւաքը արձագանգն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի համայն հայութեան ուղղուած կոչին: Հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է Լիբանանի մէջ գործող...

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ.   Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Տրամադրած  Նիւթական Օժանդակութեան Ցրուումը Ընթացք Առաւ

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Տրամադրած Նիւթական Օժանդակութեան Ցրուումը Ընթացք Առաւ

Տնօրինութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երէկ ընթացք առաւ լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն շնորհելու աշխատանքը: Արդարեւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մեկնարկեց կարիքաւոր ընտանիքներուն նիւթական յատկացում կատարելու աշխատանքը` ներկայութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ Անթիլիասի միաբանութեան հոգեւորականներուն: Եկեղեցւոյ շրջափակը այցելեցին նաեւ Ազգային իշխանութեան պատասխանատուներ: Նիւթական նպաստ ստացան 848 ընտանիքներ, իւրաքանչիւրը` մէկ միլիոն լ. ոսկի արժէքով: Այս աշխատանքին Ա. փուլը...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Հանդիպում Ունեցաւ Շուէտի Դեսպանատան Առաջին Քարտուղարին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն Վահրամ Էմմիեան եւ Ցոլեր Թալաթինեան երէկ արցախեան Բ. պատերազմի Ա. ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ օտարերկրեայ դեսպանատուներու հետ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին ձեռնարկած հաղորդակցութիւններու շարքի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցան Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպանատան առաջին քարտուղար Եոհան Սիկրոթի հետ: Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամները շուէտացի դիւանագէտին յայտնեցին, որ Արցախի հարցը կը նկատեն չլուծուած եւ զայն լուծելու...

«Արբանեակային Նկարահանումներով Կարելի Է Հետեւիլ Մեր Մշակութային  Ժառանգութեան Իրավիճակին»  Կ՛ըսէ Փրոֆ. Հեղնար Ուաթենփա

«Արբանեակային Նկարահանումներով Կարելի Է Հետեւիլ Մեր Մշակութային Ժառանգութեան Իրավիճակին» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Հեղնար Ուաթենփա

«Ազդակ»-ի 37-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Դասախօսեց փրոֆ. Հեղնար Ուաթենփա, նիւթ` «Հայկական մշակութային ժառանգութիւններու քարտէսը` այսօր»: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Հեղնար Ուաթենփա ներկայացուց իր մասնագիտութեան մեթոտաբանութիւնը, որ հիմնուած է մարդկային իրաւունքներու վրայ: Մշակութային իրաւունքներու հայեցակարգը ներկայացնելով` ան խօսեցաւ մշակութային բնաջնջումներու զանազան օրինակներու մասին: Այս շրջագիծին...

Բարերարութեամբ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի.  Լէյլաւանի Մէջ Կը Շարունակուին Ամսական Դրութեամբ Շրջանի Հայորդիներու Մտերմիկ Ճաշի Հաւաքները Եւ Սննդեղէնի Ծրարներու Ցրուումը

Բարերարութեամբ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի. Լէյլաւանի Մէջ Կը Շարունակուին Ամսական Դրութեամբ Շրջանի Հայորդիներու Մտերմիկ Ճաշի Հաւաքները Եւ Սննդեղէնի Ծրարներու Ցրուումը

Կազմակերպութեամբ Լէյլաւանի վարչութեան, չորեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշ-հաւաք` բարերարութեամբ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի եւ ներկայութեամբ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի: Այս առիթով ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան մեծապէս գնահատեց երիտասարդ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի բարեգործութեան ոգին եւ շունչը` անոր մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ: Տէմիրճեան հաստատեց, որ մեր ակումբները մեր ժողովուրդի...

Բագրատունի Այցելեց Նորընտիր  Հոգեւոր Տիրոջ

Բագրատունի Այցելեց Նորընտիր Հոգեւոր Տիրոջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրին շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ հայ կաթողիկէ համայնքի նորընտիր հոգեւոր տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին: Բագրատունի շնորհաւորելէ ետք հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը յատուկ արժեւորումով անդրադարձաւ անոր հոգեւոր ծառայութեան նախկին փուլերուն` կեդրոնանալով Լիբանանի մէջ իր նախընթաց ծառայողական առաքելութեան վրայ: Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրին դիմագրաւած բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն եւ այդ բոլորին մէջ լիբանանահայութեան տարած միասնական աշխատանքներուն վրայ:...

Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին  Եւ Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Հոգեւոր Տիրոջ Միջեւ

Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Հոգեւոր Տիրոջ Միջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ միջեւ: Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը իբրեւ հոգեւոր պետ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ յոյս յայտնեց, որ մօտէն ճանչցած ըլլալով հոգեւոր տէրը`...

Ֆանարի Ակումբին Մէջ.   Առցանց Դասաւանդութեան Մասին  Շահեկան Եւ Այժմէական Զրոյց

Ֆանարի Ակումբին Մէջ. Առցանց Դասաւանդութեան Մասին Շահեկան Եւ Այժմէական Զրոյց

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2021­ին, երեկոյեան ժամը 7:00­ին, Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյցներու շարքին առաջին հաւաքը, որուն նիւթն էր «Առցանց դասաւանդութեան հետապնդումը ծնողներուն կողմէ»: Զեկուցաբերն էր Լենա Արապօղլեան: Հանդիպումին ծնողներու կողքին ներկայ էին շրջանի մարմիններու եւ վարչութիւններու ներկայացուցիչները: Հաւաքին քարոզչական յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արին Գալուստեան, որ նշեց, թէ մտերմիկ...

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Նուիրուած  Ս. Եւ Անմահ Պատարագով Բացուած Յայտարարուեցաւ  Դպրեվանքի 2021-2022  Ուսումնական-Կրթական Տարեշրջանը

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Նուիրուած Ս. Եւ Անմահ Պատարագով Բացուած Յայտարարուեցաւ Դպրեվանքի 2021-2022 Ուսումնական-Կրթական Տարեշրջանը

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նշումով, հայ եկեղեցին կու գայ բարձրաձայնելու, որ հակառակ հայ ազգի դաժան ճակատագիրին, հաւատքի կորուստն ու յանձնուիլը բնաւ մաս չեն կազմած մեր պատմութեան, եւ բոլոր փոթորիկներուն դիմաց գոյապայքարի մեր կամքը միշտ հզօրացած է: Այսպէս, գիրերու աստուածատուր գիւտով եւ Թարգմանչաց սերունդի ջանքերով, ամրապնդուած է հայ ինքնութիւնը, որուն ապացոյցներէն մէկը հայ ազգին գոյութիւնն է` ի հեճուկս զայն բնաջնջելու բոլոր ջանքերուն:...

Իտալական Բարձր Մակարդակի Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Իտալական Բարձր Մակարդակի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Իտալական բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2021-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ` ներկայութեամբ քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն: Իտալական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերի, դեսպանատան առաջին քարտուղար Էմմանուէլ Տանտրասի, Իտալական բարգաւաճման գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Լուքա Մասթիպիերի, Պէյրութի գրասենեակի տնօրէն Ալեսանտրա Փիերմաթիերի, իտալական «ՍԵՍՎԻ» եւ «ՍԻՍՓ» ընկերութեանց ներկայացուցիչներ, ներկայ...

Հայ Գիրերու Գիւտի Եւ Սրբոց Թարգմանչաց  Պանծացման Նուիրուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Հայ Գիրերու Գիւտի Եւ Սրբոց Թարգմանչաց Պանծացման Նուիրուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երգեցողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին սկիզբը անդրադարձաւ 387 թուականին տեղի ունեցած դէպքերուն, որոնք ճգնաժամային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Տիւրզի  Համայնքի Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Տիւրզի Համայնքի Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

Երէկ` հինգշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի տիւրզի համայնքի նորընտիր հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապու Մունայի, համայնքի Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ: Վեհափառը ողջունելով շէյխ Ապու Մունայի ընտրութիւնը մաղթեց, որ իր նուիրեալ աշխատանքով ո՛չ միայն տիւրզի համայնքը առաւել ծաղկի ու բարգաւաճի, այլ նաեւ կարեւոր նպաստ բերէ Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդման: Լիբանանը ըլլալով համայնքային երկիր` իւրաքանչիւր...

Նորարար Քաղաքաշինութեան  Ծրագիրի  Նախապատրաստական Ճիգերու Ծիրին Մէջ.  Ֆրանսական Պատուիրակութեան Մը Հետազօտական  Շրջագայութիւնը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Նորարար Քաղաքաշինութեան Ծրագիրի Նախապատրաստական Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Ֆրանսական Պատուիրակութեան Մը Հետազօտական Շրջագայութիւնը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Պուրճ Համուտի մէջ նորարար քաղաքաշինութեան ծրագիրի ուսումնասիրութեան նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 հոկտեմբեր 2021-ին, Միջերկրականեան քաղաքներու եւ շրջաններու ֆրանսական գործակալութեան պատուիրակութիւնը` ԱՒԻԹԵՄ, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն: Ծրագիրը ֆինանսաւորուած է հարաւային Ֆրանսայի տեղական վարչակազմի, Ֆրանսայի զարգացման գործակալութեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ կայացած հանդիպումին կը մասնակցէին` Ֆրանսայի հարաւային նահանգի փոխնախագահ, միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու Ժան Փիեռ...

ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ.  Յարգանքի Երեկոյ` Ի Յիշատակ Արցախի  44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն

ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ. Յարգանքի Երեկոյ` Ի Յիշատակ Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գ. Նժդեհ» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ յարգանքի երեկոյ եւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն: Բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Գորեսեան, որ ըսաւ, թէ 27 սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի վրայ ազրպէյճանական ռազմական գրոհով ծայր տուած արցախեան երկրորդ 44-օրեայ պատերազմին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Թուրքիան, եւ այդ պատերազմին ընթացքին...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը 27 Սեպտեմբերի Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերու ընթացքին արցախեան Բ. պատերազմի շղթայազերծման առաջին ամեակին առիթով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի, ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկրի` Շուէտի, 2022 թուականին այդ պաշտօնը ստանձնելիք եղող Լեհաստանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ երկիրներու դեսպաններուն: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ բուռն կերպով դատապարտեց 27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ դպրոցը մարդակերտման ու հայակերտման անփոխարինելի միջավայրն է, ուր աշակերտը կը դաստիարակուի, հոն կը կերտուի անոր նկարագիրը եւ հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներուն նկատմամբ կ՛ընդարձակէ իր հետաքրքրութիւնները եւ գիտելիքներու շտեմարանը եւ անշուշտ այս բոլորը` ազգային ենթահողի վրայ: Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները իրենց կոչումով եւ առաքելութեամբ հետամուտ եղած են ու կը շարունակեն մնալ հայկական արուեստին  եւ մշակոյթին անաղարտ պահպանման ու անթերի գոյատեւման, հակառակ մեր...

Վեհափառ Հայրապետը Այցելեց Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքին

Վեհափառ Հայրապետը Այցելեց Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքին

Հինգշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2021-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքին` անոր ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն պատմական յարաբերութեանց, զանազան գաղութներու մէջ երկու եկեղեցիները դիմագրաւող դժուարութեանց, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու հրամայականին առնչուած հարցեր: Այս...

Մեր Կորուստները.  Կենսագրական Տեղեկութիւններ` Մանուէլ Հալլաճեանի Մասին

Մեր Կորուստները. Կենսագրական Տեղեկութիւններ` Մանուէլ Հալլաճեանի Մասին

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի պատմական տարիները կերտած դէմքերէն Մանուէլ Հալլաճեան կը պատկանի սերունդին այն տղոց, որոնք գաղափարի կիրքով ու նուիրումով, անսահման ծառայութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ իրենց անուրանալի ներդրումը ունեցած են ՀՄԸՄ-ի ճամբով իրենց գաղութներու ազգային առողջ ու հպարտ դիմագիծին կերտման մէջ: Իր սերնդակիցներուն նման, Մանուէլ Հալլաճեան յոգնութիւն չէ ճանչցած եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամակցութենէն մինչեւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, եւ ապա` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական...

Հայ-Թուրք Յարաբերութիւններու Հաստատման Գործընթացի Պարագային Հայկական Կողմը Պէտք Է Ունենայ Գործընթացէն  Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն

Հայ-Թուրք Յարաբերութիւններու Հաստատման Գործընթացի Պարագային Հայկական Կողմը Պէտք Է Ունենայ Գործընթացէն Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն

«Ազդակ»-ի առցանց 36-րդ լսարանին նիւթն էր «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կայացման խնդիրները. դասեր անցեալէն». դասախօսը` միջազգայնագէտ, թուրքագէտ դոկտ. Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը իր զեկուցումը բաժնեց երեք մասի. առաջին` յետնոյեմբերեան ժամանակահատուածին Թուրքիոյ արձանագրած հռետորաբանական փոփոխութիւնը: Երկրորդ` նախորդող ժամանակահատուածին արձանագրուած բացթողումները եւ անոնցմէ քաղելիք դասերը, եւ երրորդ` ներկայ պայմանները նկատի ունենալով ի՞նչ քայլերու կարելի...

Page 129 of 365 1 … 128 129 130 … 365

Արխիւներ