Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալական Բարձր Մակարդակի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

October 11, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալական բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2021-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ` ներկայութեամբ քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն:

Իտալական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերի, դեսպանատան առաջին քարտուղար Էմմանուէլ Տանտրասի, Իտալական բարգաւաճման գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Լուքա Մասթիպիերի, Պէյրութի գրասենեակի տնօրէն Ալեսանտրա Փիերմաթիերի, իտալական «ՍԵՍՎԻ» եւ «ՍԻՍՓ» ընկերութեանց ներկայացուցիչներ, ներկայ էին նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան բարգաւաճման ծառայութեանց կեդրոնի տնօրէն Պերնատեթ Քրէյտի:

Քաղաքապետ Պօղոսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ներկաներուն պարզեց Պուրճ Համուտի եւ շրջանի բնակչութեան դիմակալած տագնապներուն հետքերը` պահանջատիրական բողոքի շարժումներէն մինչեւ «Քորոնա» համավարակը եւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումն ու տնտեսական, կենցաղային ու կենսոլորտային տագնապները: Պօղոսեան նաեւ թուեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դիմակալած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները այս պայմաններուն մէջ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան` անոր նպաստած բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքներուն վերացման գծով յատկացուցած օժանդակութեանց համար` մաղթելով երկարատեւ գործակցութիւն ծաւալել իտալական կողմին հետ:

Դեսպան Պոմպարտիերի իր գոհունակութիւնը յայտնեց «ՍԵՍՎԻ» եւ «ՍԻՍՓ» ընկերութեանց Պուրճ Համուտի մէջ գործելու ընտրանքին գծով: Ան յայտնեց, որ մարտահրաւէրները մեծ են եւ հասարակաց եզրեր կան` հաւաստիացնելով, որ քաղաքապետ Պօղոսեան Իտալական բարգաւաճման այս գործակալութեան մէջ պիտի գտնէ վստահելի գործընկեր մը: Դեսպանը նաեւ ընդգծեց, որ իտալական կողմը ճիգ պիտի չխնայէ նշեալ մարտահրաւէրներուն յաղթահարման համար:

Իր կարգին, Լուքա Մասթիպիերի յայտնեց, որ Իտալական բարգաւաճման գործակալութեան տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամն է, որ կ՛այցելէ Լիբանան` մօտէն ծանօթանալու գործակալութեան եւ անոր գործակիցներուն: Ան խիստ լուրջ նկատեց քաղաքապետ Պօղոսեանի արծարծած մտահոգութիւնները` վստահեցնելով, որ իր գլխաւորած գործակալութիւնը պիտի գործակցի քաղաքապետութեան հետ` դիմակալելու եւ հարթելու համար դժուարութիւնները: Ան աւելցուց, որ կարգ մը հարցեր կը կարօտին տարբեր  քաղաքական ու տնտեսական նախաձեռնութիւններու, բայց ընկերային, կենսոլորտային թէ բարգաւաճման հարցերուն գծով կարելի է գործակցաբար աշխատիլ` թեթեւցնելու եւ հարթելու համար անոնց հետեւանքները:

Իրենց կարգին, «ՍԵՍՎԻ» եւ «ՍԻՍՓ» ընկերութեանց ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց կատարած վերակառուցման աշխատանքները` շնորհակալութիւն յայտնելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իր գործակցութեան եւ զօրակցութեան համար: Անոնք նաեւ պարզեցին դեռ եւս գործադրելիք իրենց վերակառուցման աշխատանքի ծրագիրները:

Ապա պատուիրակութեան անդամները քաղաքապետութեան պատասխանատուներուն հետ շրջեցան Պուրճ Համուտի փողոցները եւ մօտէն ծանօթացան յատկապէս այն փոքր հաստատութիւններուն, որոնք կը ստանան իտալական զօրակցութիւն եւ իտալական մարմիններուն յատկացուցած շինարարական եւ վերակառուցման անհրաժեշտ սարքերն ու կազմածները: Անոնք նաեւ այցելեցին նաւահանգիստի պայթումէն ետք իտալական օժանդակութեամբ վերակառուցուած երկու բնակարաններ եւ մօտէն տեղեկացան կատարուած աշխատանքներուն մասին:

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Նուիրուած Ս. Եւ Անմահ Պատարագով Բացուած Յայտարարուեցաւ Դպրեվանքի 2021-2022 Ուսումնական-Կրթական Տարեշրջանը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.