Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորարար Քաղաքաշինութեան Ծրագիրի Նախապատրաստական Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Ֆրանսական Պատուիրակութեան Մը Հետազօտական Շրջագայութիւնը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի մէջ նորարար քաղաքաշինութեան ծրագիրի ուսումնասիրութեան նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 հոկտեմբեր 2021-ին, Միջերկրականեան քաղաքներու եւ շրջաններու ֆրանսական գործակալութեան պատուիրակութիւնը` ԱՒԻԹԵՄ, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն:

Ծրագիրը ֆինանսաւորուած է հարաւային Ֆրանսայի տեղական վարչակազմի, Ֆրանսայի զարգացման գործակալութեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ կայացած հանդիպումին կը մասնակցէին` Ֆրանսայի հարաւային նահանգի փոխնախագահ, միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու Ժան Փիեռ Քոլըն, Նիսի փոխնախագահ եւ Միջերկրականեան քաղաքներու եւ շրջաններու ֆրանսական գործակալութեան` ԱՒԻԹԵՄ-ի տնօրէն Ակնես Ռամպալ, Ֆրանսայի հարաւային նահանգի տեղական ինքնակառավարման տնօրէն Էմիլիօ Փերեզ, ԱՒԻԹԵՄ կազմակերպութեան ռազմավարական հարցերու տնօրէն Մարի Պատուել, Եւրոպական Միութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար Անն Մարի Ռինկոլտ:  Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանեան համալսարանի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչները:

Ողջունելով ֆրանսական պատուիրակութիւնը` քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան կազմի ներկայութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան զանազան ծրագիրներու ու նախաձեռնութեանց մէջ անոր աշխուժ մասնակցութեան համար: Ան պարզեց Պուրճ Համուտի դիմակալած բարգաւաճման մարտահրաւէրները` նշելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը կը հարկադրէ կեդրոնանալ հրատապ հարցերու լուծման վրայ` սկսելով շրջանի մաքրութեան քայլերէն, հասնելով մինչեւ քաղաքապետութեան հիմնական պարտականութիւններու իրագործման անհրաժեշտ եկամուտի ապահովումը: Պօղոսեան յայտնեց, որ տագնապի խորքն ու լրջութիւնը եւ  լիբանանցի ժողովուրդին կրած ապրուստի թէ կենցաղային տառապանքը առաւել հրատապ ու անմիջական մարտահրաւէր կը կազմեն լուծման նախաձեռնութեանց գծով տարուող երկար աշխատանքին առումով:  Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան ներկաներուն պարզեց Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ու այս գծով տարուող ճիգերու շրջագիծի ընդարձակման անհրաժեշտ կարիքները:

Նմանապէս, ֆրանսական պատուիրակութեան անդամները պարզեցին Պուրճ Համուտի մէջ իրենց առաքելութեան բնոյթը: Իր կարգին, Ժան Փիեռ Քոլըն դրուատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ձեռնարկած քայլերը շրջանի բարեզարդման գծով մաղթելով սերտ եւ երկարատեւ գործակցութիւն: Քոլըն յայտնեց ֆրանսական վարչամեքենայի փափաքը` բարգաւաճման համատարած ու ամբողջական նախաձեռնութեանց հիմնաքարերու հաստատման գծով:  Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ նախապատրաստական կարգ մը արհեստագիտական-թեքնիք քայլեր: Ապա պատուիրակութիւնը հետազօտական շրջապտոյտ մը կատարեց Պուրճ Համուտի, յատկապէս` Մարաշ փողոցին մէջ, մօտէն տեղեկանալով ցարդ իրագործուած ծրագիրներուն: Նմանապէս, պատուիրակութիւնը քաղաքապետ Պօղոսեանին հետ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի յարակից` Ժտէյտէ շրջանի թափօններու թաղման վայրը, ուր քաղաքապետ Պօղոսեան պատուիրակութեան պարզեց աղբանոցի այժմու իրավիճակը:

 

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ. Յարգանքի Երեկոյ` Ի Յիշատակ Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն

Յաջորդը

Հայ Դպրոցը Կը Մնայ Լիբանանահայ Մեր Ժողովուրդի Գիտակից Կամքին Վաւերական Վկայութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?