Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Հոկտեմբեր 6, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դպրոցը մարդակերտման ու հայակերտման անփոխարինելի միջավայրն է, ուր աշակերտը կը դաստիարակուի, հոն կը կերտուի անոր նկարագիրը եւ հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներուն նկատմամբ կ՛ընդարձակէ իր հետաքրքրութիւնները եւ գիտելիքներու շտեմարանը եւ անշուշտ այս բոլորը` ազգային ենթահողի վրայ:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները իրենց կոչումով եւ առաքելութեամբ հետամուտ եղած են ու կը շարունակեն մնալ հայկական արուեստին  եւ մշակոյթին անաղարտ պահպանման ու անթերի գոյատեւման, հակառակ մեր ժամանակակից կեանքին մէջ առկայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն:

15  հոկտեմբեր 2021-ին, երկու տարուան առցանց դասաւանդութենէ եւ ուսուցման որոշ սահմանափակումներէ ետք, գեղարուեստի դպրոցները լայնօրէն կը բանան իրենց դռները լիբանանահայ աշակերտութեան դիմաց` յուսալով, որ կարելի պիտի դառնայ հանգրուանային ձեւով մտնել բնականոնացման հունի մէջ եւ վերստեղծել մշակութային աշխուժութիւն ու մթնոլորտ: Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնները վերամուտին ընդառաջ կը ներկայանան ամբողջականօրէն բարենորոգուած կառոյցներով եւ արդի պայմաններուն համահունչ նոր կարելիութիւններով:

Համազգայինի Լիբանանի կառոյցը, հետամուտ ըլլալով գեղարուեստի դպրոցներու ծրագիրներու արդիականացման ու շարունակական վերաորակաւորման, նպատակաուղղուած ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու առաջադրանքով, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք մշակութային յարաբերութիւնները  սերտացնելու նախանձախնդրութեամբ, 2021-2022 կրթական տարեշրջանին նախօրեակին, գեղարուեստի բոլոր դպրոցներու ծրագիրները վերատեսութեան ենթարկեց` մասնագիտական խումբերու խորհրդատուութեամբ: Ասոր զուգահեռ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ քառանդամ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Արա Գէորգեանէ, գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Պոյաճեանէ, գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնուհի Մարալ Հարպոյեանէ եւ «Քնար» պարախումբի վարչութեան անդամ  Չարենց Աբրահամեանէ, մեկնեցաւ Հայաստան եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի Ռուզան Առաքելեանի մասնակցութեամբ, նախապէս ճշդուած աշխատանքային ծրագիրի եւ պայմանաւորուածութեան մը հիման վրայ ունեցաւ հանդիպումներ հայրենի գեղարուեստի տարբեր կրթական հաստատութիւններու եւ արուեստագէտներու հետ` հիմնական առաջադրանք ունենալով անոնց հետ համագործակցութեան եզրերու բիւրեղացումը եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներն ու միաւորները հայրենի մասնագէտ դասախօսներով եւ գեղարուեստի պատասխանատուներով համալրելու կարելիութեանց քննարկումն ու գործնականացումը:

Համազգայինի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի նախագահ Սոնա Յովհաննիսեանի հետ: Քննարկուեցան գործակցութեան ուղիները եւ երկու հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրի կէտերը թարմացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեւանի կերպարուեստի ակադեմիայի նախագահ Արամ Իսաբէկեանի հետ` «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիային հետ համաձայնագիր կնքելու եւ գործակցութեան կարելիութիւնները քննելու նպատակով:

Սոյն կեդրոններու նախագահներուն հետ կայացած հանդիպումներուն  արծարծուեցան նաեւ մեր շրջանաւարտներու` զոյգ կեդրոններուն մէջ իրենց մասնագիտական ուսումը կատարելագործելու կարելիութիւնները:

«Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի աշխատանքներուն թափ տալու միտումով Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վաստակաւոր բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Գալուստ Ներսիսեանի հետ` գործակցութեան առիթներ ստեղծելու համար: Ուրախ ենք յայտնելու, որ բեմադրիչը երկու փուլով պիտի այցելէ Լիբանան եւ օգնական բեմադրիչին հետ պիտի կազմակերպէ ու հանրութեան առջեւ հանդէս գայ թատերական ներկայացումներով:

Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին մէջ նաեւ տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ ջութակահար Արմէն Ճէնտէրէճեանի հետ, որ պիտի միանայ Համազգայինի մեծ ընտանիքին  եւ   «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ջութակի ամպիոնին մէջ ունենայ իր օգտաշատ ներդրումը: Պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Յովհաննէս Գարախանեանի հետ, որ ունեցած է մեծ  ներդրում եւ դերակատարութիւն երաժշտանոցի գործունէութեան մէջ:

2019-2020 տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրի համավարակը պատճառ հանդիսացաւ, որ «Քնար» պարախումբը, «Գայեանէ»-ի եւ Պալէի դպրոցներուն գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս ընդհատուի. սակայն այսօր, շնորհիւ հայրենի տաղանդաւոր պարուսոյցներ եւ գեղարուեստական ղեկավարներ տէր եւ տիկին Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններուն, պարախմբային փորձերը եւ դասաւանդութիւնները դարձեալ պիտի վերականգնին, եւ վերանորոգ թափով ու խանդավառութեամբ պիտի սկսի  աշխատանքը:

Եզրափակիչ հանդիպում մը կայացաւ ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ: Կեդրոնի տնօրէնուհի Մարիլու Փափազեանի հետ քննարկուեցան զոյգ հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան եւ ամառնային ճամբարներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:

Հակառակ երկրին մէջ տիրող բազմատեսակ տագնապներուն, Համազգայինի առաքելութեան յարատեւման եւ անոր գործունէութեան ծիրի ընդարձակման ու տարբեր բնագաւառներու մէջ նոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ կերտելու վեհ նպատակին համար, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ճիգ չի խնայեր նոր սերունդին լաւագոյնը հրամցնելու եւ այլազան ձեւերով զայն հայ մշակոյթին կապելու առումով:

Այստեղ կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ նախորդ տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրին ստեղծած մթնոլորտը նոր փորձառութիւն մը եղաւ նաեւ այս բնագաւառին համար, մանաւա՛նդ` «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական եւ «Կարօտ» հայերէն լեզուի զոյգ դպրոցներուն համար, ուր առաջին անգամ ըլլալով կայացան առցանց դասաւանդութիւններ` յատուկ արտասահմանի աշակերտութեան համար, որոնք անսահման շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Համազգայինին ծրագիրի յաջողութեան համար իր ծաւալած օգտաշատ գործունէութեան եւ ցուցաբերած հոգածութեան եւ հետեւողութեան համար: Յայտնենք նաեւ, որ այս տարեշրջանին եւս մեր ծրագիրներուն միացած են արտասահմանէն մեծ թիւով աշակերտներ:

Լիբանանի տնտեսական անբարենպաստ կացութեան պատճառով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` հաւատարիմ իր առաքելութեան, որոշած է հաստատել սան որդեգրելու դրութիւնը, որպէսզի նիւթականի պատճառով մեր նորահաս սերունդը չզրկուի իր տաղանդը զարգացնելու կարելիութենէն: Ասոր զուգահեռ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը ճշդած է չափազանց մատչելի կրթաթոշակներ եւ ընծայած է վճարման լայն դիւրութիւններ:

Մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը գեղարուեստի դպրոցներու հաւատարիմ ծնողներուն, որոնք քաջ կը հաւատան այս կառոյցի առաքելութեան, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնին մեզի` հաւաքական ճիգերով յաղթահարելու համար առկայ զանազան դժուարութիւնները: Շնորհակալութիւն նաեւ Լիբանանէն դուրս գտնուող բոլոր ծնողներուն եւ մեր սիրելի աշակերտներուն, որոնք առցանց դրութեամբ մասնակից ու քաջալեր կը հանդիսանան մեր գործունէութեան:

Շրջանային վարչութիւնը, գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը ճիգ պիտի չխնայեն, որպէսզի կարելի դառնայ շարունակել վառ պահել Համազգայինի` մշակոյթի ու արուեստի ջահը ու անոր պատմական դերակատարութիւնը:

Բարի՛ վերամուտ բոլորին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Պէ՞տք Է Մտահոգուինք Իրան-Ազրպէյճան Լարուածութեամբ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը 27 Սեպտեմբերի Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?