Կազմակերպութեամբ Լէյլաւանի վարչութեան, չորեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշ-հաւաք` բարերարութեամբ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի եւ ներկայութեամբ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի:
Այս առիթով ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան մեծապէս գնահատեց երիտասարդ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի բարեգործութեան ոգին եւ շունչը` անոր մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ:
Տէմիրճեան հաստատեց, որ մեր ակումբները մեր ժողովուրդի ծառայութեան կեդրոններն են, եւ պատասխանատուները կարելի սահմաններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ պիտի բերեն դժուարութիւններու յաղթահարման ճիգերուն:
Իր կարգին, Ռազմիկ Ճուլֆայեան ըսաւ, որ ծառայութիւն կատարելը հոգեկան ուրախութիւն է եւ հարստութիւն: Ճուլֆայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին եւ հայր սուրբին` գործակցութեան համար:
Աւարտին, Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան հաստատեց, որ Լէյլաւանը լիբանանահայութեան իրականութեան մէջ մնայուն ներկայութիւն է` շնորհիւ շրջանի կոմիտէին ու մարմիններուն հաւաքական ճիգերուն եւ բազմաճիւղ աշխատանքներուն: Հայր սուրբը նշեց, որ Ճուլֆայեանը ակումբին, եկեղեցւոյ եւ կարիքաւորին կողքին է եւ միշտ իր կարելին կ՛ընէ զօրակցելու մեր կառոյցներուն ու ընտանիքներուն: Ան մաղթեց, որ 22 տարեկան Ռազմիկ Ճուլֆայեանը իր գործով բարի օրինակ դառնայ բազմաթիւ մեծահարուստներու, որոնք ազգին նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնները յաւելեալ թափով պէտք է կատարեն: