Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Արաքս Փաշայեան. «Արցախի Հարցին Մէջ Իսլամական Գործօնը Համախմբեց Ազրպէյճանական Հանրութեան Տարբեր Բեւեռները»

Նոյեմբեր 13, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 39-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր «Իսլամական խօսոյթը Արցախեան պատերազմի համաթեքսթում». դասախօս` Գիտութիւներու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող դոկտ. Արաքս Փաշայեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատկից Մինաս Հանս Քէհէեան:

Դասախօսը ներկայացուց Ազրպէյճանի մէջ իսլամական գործօնի եւ գործիքակազմի ապրած հոլովոյթը` արցախեան պատերազմի լոյսին տակ: Ան նաեւ փուլ առ փուլ իսլամական գործօնի շահարկման վերափոխումները ներկայացուց պատերազմի առաջին շրջանէն մինչեւ Ալիեւի կրօնական թեմայի երկրորդ կարգ մղումը, ապա վերջին շրջանին վերադարձը:

Դոկտ. Փաշայեան խօսեցաւ հետզհետէ կրօնական գործօնի ներքին հարթութենէն արտաքին աշխարհ անցումը` մանրամասն ներկայացնելով օգտագործուած առիթները: Այս շրջագիծին մէջ ան նկատել տուաւ, որ կրօնական հանգամանքը երկկողմանիօրէն երեւցած է, երբ օրինակ, սուրբերու նկարներ բարձրացուցած են հայ զինեալները, իսկ Խումէյնիինը` ազրպէյճանցիները:

Սիւննիական եւ շիիական աշխարհներու իւրայատկութիւնները նկատի ունենալով` Պաքուն թիրախաւորուած քարոզարշաւ տարած է համաիսլամական ուղղութիւններ ճշդելով եւ հետագային իսլամական վեհաժողովներուն ամէնէն հակահայ բանաձեւերը ներկայացնելու:

Պետութիւն-կրօնք տարանջատուած պատկերները ներկայացնելով` դոկտ. Փաշայեան հաստատեց, որ Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Փաշայզատէն ըսած է, որ պատրաստ է ժիհատ յայտարարելու, եթէ անշուշտ պետութիւնը արտօնէ:

Դասախօսը տուեալներով խօսեցաւ դէպի Արեւմուտք Պաքուի այս առումով կիրարկած քաղաքականութեան մասին որ, ըստ էութեան, Էրտողանի հետեւողութեամբ ընթացած է:

Պաքուն նաեւ, յատկապէս վերջին պատերազմէն ետք, թափ տուած է հայկական կողմը իսլամական աշխարհին ներկայացնելու իբրեւ մզկիթներ եւ իսլամական մշակոյթի ժառանգութիւններ քանդող,  եւ այս առումով Շուշիի մզկիթին մէջ սիւննի-շիի համատեղ աղօթք ցուցադրելը իսլամական աշխարհի դիրոքորոշման համախմբում կ՛ենթադրէ:

Բազմաթիւ տուեալներով եւ օրինակներով յագեցած փորձագիտական զեկուցումի աւարտին դոկտ. Արաքս Փաշայեան հաստատեց. «Արցախի հարցին մէջ իսլամական գործօնը համախմբեց ազրպէյճանական հանրութեան տարբեր բեւեռները»:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ հարց-պատասխանի ձեւաչափով հետաքրքրական քննարկում:

 

Նախորդը

Ընկերվարական Քրոնիկ. Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Շռնդալից Վերադարձը

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին. Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?