Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Նոյեմբեր 26, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. Կաթողիկոսը Յաջորդաբար Նախագահեց Միաբանական Յանձնախումբերու Հանդիպումներուն

Շաբաթ, 20 նոյեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր աշխատանքային օրակարգը ամբողջութեամբ յատկացուցած էր միաբանական յանձնախումբերու հետ հանդիպումներու:

Առաջին հերթին, ան նախագահեց ծիսական կեանքի բարելաւման նուիրուած յանձնախումբի հաւաքին, ապա նորանշանակ տնօրէն ժողովին, որմէ ետք` հինգ նորընծայ աբեղաներու հանդիպումին:

Յիշեալ հանդիպումներուն նպատակն էր Անթիլիասի մայրավանքի ներքին վանական կեանքի առաւել կազմակերպումը` իր բոլոր մարզերուն մէջ, եւ միաբան հայրերու աշխատանքներուն առաւել աշխուժացումը: Այս գծով, հայրապետը անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց, իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ գնահատեց միաբան հայրերու աշխատանքը:

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան Նորընտիր Վարչութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 18 նոյեմբեր 2021-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան նորընտիր վարչութիւնը, որուն փափաքն էր վեհափառին օրհնութիւնը ստանալ եւ զինք տեղեակ պահել ընկերային ծառայութեան լծուած վարչութեան կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Վեհափառը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ընկերային ծառայողներուն եւ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն ծառայութեան լծուած բոլոր կազմակերպութիւններուն:

Արամ Ա. ըսաւ. «Անբնական պայմաններու մէջ կ՛ապրինք: Ընկերատնտեսական մտահոգութիւնները բազմաթիւ են ու բազմազան: Հետեւաբար մեր ժողովուրդի կարիքներուն օգտակար հանդիսանալը մեր բոլորին առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ»:

Այս առիթով հայրապետը նաեւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր կազմակերպութիւններուն ու նուիրատուներուն, որոնք զանազան կերպերով կ՛օժանդակեն մեր կառոյցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Լոյս Տեսաւ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»-ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՛արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»-ը:

Հատորը կ’ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը` Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք: Օրագիրի ոճով ներկայացուած սոյն հատորը ընթերցողը դէմ յանդիման կը դնէ աղէտներու պատճառով բխած մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ հայութիւնը յուզող հարցերու հետ` գոյապայքար, ինքնութիւն, տուն հասկացողութիւն եւ այլն:

Գիրքը ունի չորս հիմնական բաժիններ` պատերազմական մթնոլորտ, հրապարակագրական, գեղարուեստական եւ երգիծական, որոնք շուրջ 250 էջերու վրայ կը տարածուին:

Ժիրայր Դանիէլեանի «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանանահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)» Հատորը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի 102-րդ հրատարակութիւնը` «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի «Լիբանահահայ գիրքը…» (Յաւելուած)»` աշխատութեամբ Ժիրայր Դանիէլեանի եւ խմբագրութեամբ Կարօ Յովհաննէսեանի:

Հատորը կը պարունակէ` յաւելումներ, մատնանշումներ, սրբագրութիւններ եւ անհրաժեշտ ցանկեր, որոնց մասին իր յառաջաբանին մէջ կը մանրամասնէ Դանիէլեան` դիտել տալով, որ այս աշխատանքը կու գայ ամբողջացնելու 2013 թուականին լոյս տեսած «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012-մատենագիտական ցանկ» աշխատասիրութիւնը եւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 27-րդ հատորին «Յաւելումներ. լիբանանահայ գիրքը. մատենագիտական ցանկ 1894-2012» հատորին ուսումնասիրութիւնը: Այսպիսով, Դանիէլեան այս հրատարակութեամբ կը լրացնէ վերոնշեալ աշխատութիւններուն բացթողումները:

Շուրջ 200 էջերու մէջ ներկայացուած գործը ունի «Նոր անուններ», «Հին կրկնութիւններ», «Նոր կրկնութիւններ», «Հին սրբագրութիւններ, նոր սրբագրութիւններ», «Ցանկեր` գիրքերու ցանկեր» եւ «Անձնանուններու ցանկեր» բաժինները:

Հատորներէն օրինակներ կրնաք ապահովել կաթողիկոսարանի գրախանութէն, ինչպէս նաեւ` այցելելով www.ciliciabookstore.com կայքը:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թրքական Խորհուրդ… Արեւը Արեւելքէն Կը Ծագի

Յաջորդը

Նշմար. Ինչպէ՞ս Միացնել Կէտերը…

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում
Գաղութային

Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

Յուլիս 15, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?