Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

November 29, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի ներկայացուցչական 49-րդ ժողովը տեղի ունեցաւ անցնող շաբաթավերջին, 26-էն 28 նոյեմբեր 2021-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ:

Ժողովին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ գործող ՀՄԸՄ-ի 10 մասնաճիւղերէն ընտրուած 57 լիազօր ներկայացուցիչներ, խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ պաշտօնական հիւրեր, ընդամէնը` 78 ժողովականներ:

Ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան քսանամսեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ, ըստ էութեան արտայայտութիւններ եւ յառաջիկայի գործունէութեան առաջարկներ:

«Քորոնա» ժահրին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական վատ կացութեան հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամային վիճակը, զոր կ՛ապրի լիբանանահայ գաղութը, եղաւ լայն քննարկումի նիւթ:

Ներկայացուցչական ժողովը եկաւ հաստատելու, որ հակառակ երկիրն ու գաղութը հարուածող բազմաթիւ դժուարութիւններուն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը` հաւատարիմ իր առաքելութեան, պիտի շարունակէ իր անսակարկ ներդրումը ունենալ լիբանանահայ գաղութի հզօրացման եւ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս լծուելով պատանի ու երիտասարդ սերունդի ներգրաւման եւ ազգային առողջ միջավայրի մէջ դաստիարակման աշխատանքին: ՀՄԸՄ յանձնառու պիտի ըլլայ մանաւանդ նոր մարդուժի պատրաստութեան, յաղթանակներու ճամբով գաղութին բարոյական կորովին եւ խանդավառութեան բարձրացման:

Ներկայացուցչական ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին ընտրեց Շրջանային վարչութեան նոր կազմ մը` հետեւեալ պատկերով.

Հայկ Թապագեան
Սիլվա Սաղըրեան
Հրայր Սեդոյեան
Ուիլսըն Քէօշկերեան
Սոնա Պօղոսեան
Մհեր Քենտիրճեան
Րաֆֆի Խուտավերտեան
Մարիա Գէորգեան
Արտա Զէյթունլեան

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ 49-ՐԴ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

28 նոյեմբեր 2021

Նախորդը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Հայութեան Պետական Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Անորոշութիւններով Լեցուն Եռեակ Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.