Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Առցանց Սեմինարին Աշխատանքները Աւարտեցան Յաջողութեամբ

November 15, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցան համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. առցանց սեմինարին երրորդ եւ չորրորդ նիստերը, որոնք շարունակութիւնը կազմեցին շաբաթ մը առաջ սկսած առաջին եւ երկրորդ նիստերուն:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած այս սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին միութեան շրջանային եւ մեկուսի 26 շրջաններէն աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներ, վարչականներ եւ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեամբ զբաղող մասնագէտներ:

Երրորդ նիստը կատարուեցաւ սեմինարի բոլոր մասնակիցներուն ներկայութեամբ եւ քննարկեց այժմէական նիւթ մը` «ՀՄԸՄ-ի աշխուժացումը ընկերային ցանցերուն վրայ» նիւթը: Մասնագիտական եւ վիճակագրական զեկուցումներով հանդէս եկան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Յակոբճեան եւ յանձնախումբի անդամ եւ «Փիքսարթ» միջազգային ընկերութեան ընկերային ցանցերու բովանդակութեան նիւթերու արտադրիչ Դալար Մազլումեան:

Ապա, չորրորդ նիստը յատկացուեցաւ առցանց աշխատանոցներու, ուր մասնակիցները առիթը ունեցան խմբակային դրութեամբ ծանօթանալու մասնագիտական հետեւեալ երեք նիւթերէն մէկուն.

– «Փաստագրումի, արխիւի եւ թուայնացումի աշխատանքներ», զեկուցաբեր` Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաշխատող Միհրան Մինասեան:

– «Մարզիկ պաշտօնաթերթը. մարտահրաւէրներ եւ զարգացման կարելիութիւններ», զեկուցաբեր` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան:

– «ՀՄԸՄ-ի կայքէջը», զեկուցաբեր` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան աշխատանքներու պատասխանատու Շանթ Տէմիրճեան:

Աշխատանոցներու աւարտին, մասնակիցները միացեալ նիստով մը լսեցին իւրաքանչիւր խմբակի ներկայացուցիչին զեկուցումը` ներկայացուած նիւթին գլխաւոր կէտերուն մասին, որմէ ետք սեմինարին փակման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան: Ան նշեց, որ սեմինարը դարձակէտ մը նշեց միութեան պատմութեան մէջ` ցարդ կատարուող քարոզչական աշխատանքները դնելով աւելի ամուր, մասնագիտական եւ նորարար հիմերու վրայ: «Այսօր քարոզչական աշխատանքներու ժամանակաշրջանն է, յատկապէս «Քորոնա»-ի համավարակին պարտադրած առցանց գործունէութեան պայմաններուն մէջ: ՀՄԸՄ ժամանակին հետ քայլ պահող միութիւն է եւ գիտէ իր կարողականութիւնները ճիշդ ձեւով ճիշդ տեղին օգտագործել: Համակարգուած եւ նպատակաուղղուած աշխատանքը ազդու քարոզչութեան հիմնական գրաւականներն են», հաստատեց Վաչէ Նաճարեան` իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով սեմինարին մասնակից շրջաններու ներկայացուցիչներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, զեկուցաբերներուն եւ հրաւիրեալ մասնագէտներուն:

Երկու շաբթուան վրայ երկարած չորս նիստերէ եւ եօթը ժամուան քննարկումներէ ետք, սեմինարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց` որդեգրելով միութեան քարոզչական մարզի գործունէութեան ուղեգիծին նախագիծը:

 

 

Նախորդը

Նահանջը Կը Շարունակուի. Մինչեւ Ո՞ւր

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութեամբ Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններ Կը Շարունակեն Իրենց Աջակցութիւնը Լիբանանահայութեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.