Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութեամբ Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններ Կը Շարունակեն Իրենց Աջակցութիւնը Լիբանանահայութեան

November 15, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը:

Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք արձանագրել, որ աշխատանքի առաջին փուլը` 1 յուլիսէն 1 հոկտեմբեր 2021, աւարտած է, եւ ֆոնտը հոգացած է 529 պարագայի առողջապահութեան վերաբերող ծախսերը թէ՛ ախտաճանաչման, թէ՛ բժշկական տարբեր տեսակի քննութիւններու եւ թէ՛ հիւանդանոցային բուժման առումով:

Աշխատանքի երկրորդ փուլին համար նկատի առնուած է 15 նոյեմբեր 2021-էն 31 մարտ 2022:

Ֆոնտը պիտի հոգայ միայն ծանր հիւանդութիւններ ունեցողներու բուժման հիւանդանոցային ծախսերը: Դիմումները պիտի կատարուին ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակը, Պուրճ Համուտի «Արին» շէնք, 3-րդ յարկ, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 13:00:

Անցնող տարիներուն ընթացքին տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ զանազան կերպերով օգտակար հանդիսացան լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս բարձրօրէն կը գնահատէ եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարերարներէն ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի ազգանուէր ու հոգածու վերաբերումը, յատկապէս լիբանանահայութեան նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Առցանց Սեմինարին Աշխատանքները Աւարտեցան Յաջողութեամբ

Յաջորդը

Անթիլիասի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հայորդիներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.