Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին. Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

Նոյեմբեր 13, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր եւ Գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երէկ, ուրբաթ, 12 նոյեմբեր, 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական, փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի «Հայաստանում  խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը` սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930)» հատորի գինեձօնը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիրներէն` Ժագ Յակոբեան, որ, ողջունելով ներկաները, նշեց, թէ «Քորոնա» ժահրին տարածումով երկամեայ ակամայ դադարէ ետք, Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնաճիւղը կը վերսկսի իր հրապարակային ձեռնարկներուն: Ան սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի կենսագրական գիծերն ու պատմագրական իրագործումները:

Անկէ ետք խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, որ անդրադարձաւ փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի դոկտորականի ծաւալուն աշխատութեան եւ անոր կարեւորութեան: Ան հատորը որակեց իբրեւ անաչառ եւ առարկայական ներկայացում սփիւռքի հայ քաղաքական մտքի տարաբնոյթ գնահատականներուն, որոնք արդիւնք են Հայաստանի առաջին անկախութեան շրջանի գոյութենական մարտահրաւէրներուն եւ հայ ժողովուրդի մահուկենաց մաքառումներուն: Օտար դիւանագէտներէ եւ մտաւորականներէ (Շաշի Թարուր, Քարլ Մարքս, Էտմոնտ Պըրք) մէջբերումներ կատարելով, Տէտէեան հարց տուաւ թէ արդեօք Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանն ու ներկայի իրավիճակը կրկնութի՞ւնն են պատմութեան: Ան անհրաժեշտ նկատեց մեր պատմութիւնն ու դատը ներկայացնել օտար հանրային կարծիքին` դիմակալելու համար այն  խեղաթիւրուած պատմագրութիւնը եւ հակահայ քարոզչութիւնը, որ կը հրամցուի  օտար հանրութեան թուրք-ազրպէյճանական պետական ու ակադեմական քարոզչական մեքենային կողմէ: Ան յայտնեց, թէ այս աշխատութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին ճիգերով հաստատուած ու անոր հովանիին տակ գործող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամին 16-րդ հատորն է, որ կը հրամցուի հանրութեան: «Դժուար օրեր կ՛ապրինք: Օրեր, որոնք ճակատագրական են, եւ դամոկլեան սուրը կախուած է մեր հայրենիքին վերեւ: Խաչատուր Ստեփանեանի հատորէն քաղուած դասերը աւելի քան այժմէական են, պարտաւորեցնող ու հայ քաղաքական միտքը լուսաւորող: Կարդա՛նք զայն», շեշտեց Տէտէեան:

Ապա խօսքը տրուեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի դատական կազմի անդամ, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն, գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին, որ հանգամանօրէն ներկայացուց փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի նորագոյն այս աշխատութիւնը` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը, յատկապէս` Հայաստանի Առաջին անկախութեան եւ ներկայի իրավիճակին զուգահեռները բացայայտելով:

Ան յայտնեց, թէ Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ» խորագիրով հատորին բովանդակութիւնը կարելի է բնութագրել իբրեւ գիտական աշխատասիրութիւն` նկատի ունենալով օգտագործուած աղբիւրներու հարուստ ցանկը, յատկապէս արխիւային եւ փաստաթղթային բաժինը:

Ան դիտել տուաւ, որ յատկանշական է ուսումնասիրութեան նկատի ունեցած ժամանակահատուածը` 1920-1930 տասնամեակը` Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումի եւ խորհրդային Հայաստանի հաստատման շրջանը: «Կողմերու մեկնաբանութիւնները հակոտնեայ են, փոխմեղադրանքները սուր, եւ այս պատճառներով այդ բոլոր իրադարձութիւններուն գնահատական տալը  բաւական բարդ», ըսաւ Շահան Գանտահարեան եւ աւելցուց. «Ահա այստեղ է, որ աշխատած է Ստեփանեանի պատմական իրադարձութիւններուն տրուող քաղաքական գնահատականի վերլուծողական ոսպնեակը: Օգնութեան հասած են արխիւային եւ փաստաթղթային նիւթերը, որոնք յուշագրական գրականութեան առումով զտիչի դեր ունեցած են որոշակի առումով: Այստեղ  կայ հիմնական այլ դժուար լուծելի խնդիր: Ընտրուած ժամանակահատուածի արխիւներն ու փաստաթուղթերը խորհրդային Հայաստանի պետական նիւթերուն մաս են ընդհանրապէս, հետեւաբար պարզ է նաեւ այդ նիւթերու ընդհանուր ուղղուածութիւնը»:

Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ Զանգեզուրի վերաբերող հին եւ նոր զուգահեռներուն: «Ստեփանեան Զանգեզուրի հատուածը ներառելով կը խօսի այդ օրերուն սփիւռքի մամուլին մէջ իբրեւ համաթրքական ծրագիրի իրականացման կարեւոր միջոց Զանգեզուրի գործօնին մասին: Նոյնն է ծրագիրը այսօր եւս: Ապաշրջափակումը իւրովի կ՛ընկալուի թէ՛ Անգարայի, եւ թէ Պաքուի կողմէ, որոնք միջանցքի գաղափարը յառաջ մղելով կ՛առաջադրեն կառուցել համաթուրանական համաթրքական կամուրջը Հայաստանի վրայով», շեշտեց Շահան Գանտահարեան:

Ան նաեւ զուգահեռներ գծեց դար մը առաջ ստորագրուած Ալեքսանդրապոլի, Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագիրներուն եւ ներկայիս ստորագրուող հողային զիջումներու պարտուողական համաձայնագիրներուն միջեւ` ցոյց տալով մօտեցումներուն եւ որդեգրուած քաղաքականութեան տարբերութիւնը:

Խաչատուր Ստեփանեանի հատորին մէջ Հայաստանի կարգավիճակին մասին Համօ Օհանջանեանի տեսակէտին եւ հայրենիքի մէջ տիրող ազատութեան եւ անկախութեան անդրադառնալով` Շահան Գանտահարեան ըսաւ. «Այսօր սուր կերպով նոյն հարցը կը դրուի անկախ Հայաստանի կարգավիճակին մասին: Կը դրուի մեր ինքնիշխանութեան, գերիշխանութեան խնդիրը, յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Մինչեւ պատերազմը Հայաստանի հանրապետութիւնը կը շարունակէր պահել Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը ըլլալու հանգամանքը: Պատերազմէն ետք բազմաթիւ սահմանային միջադէպեր փոխանցեցին այն համոզումը, որ մեր զինեալ ուժերը չեն վերահսկեր նոյնիսկ Հայաստանի սահմաններու անվտանգային իրավիճակին: Գերիշխանութիւնը ամէն բանէ առաջ սահմաններու անսասանութիւն եւ անխորտակելիութիւն կ՛ենթադրէ: Պարզ է նաեւ, որ այսօր, ներկայ պայմաններուն մէջ ո՛չ միջանցքը, ո՛չ ապաշրջափակումը, ոչ սահմանագծումն ու սահմանազատումը կամ ալ աշխարհաքաղաքական նոր հարթակները հայկական օրակարգեր են. մեր փոխարէն կը բանակցին ուրիշներ: Կարծէք Օհանջանեան ներկայ պայմանները կը բնութագրէ, երբ հարցականի տակ կ՛առնէ մեր անկախութիւնը»:

«Խաչատուր Ստեփանեանի ընդգծումները ուսանելի շատ դասեր ունին այսօրուան քաղաքական կեանքը ստանձնողներուն համար. բայց նաեւ մեզի` այդ գործընթացներուն քաղաքական ընթերցումները կատարելու, ճիշդ եզրակացութիւններու յանգելու եւ հայ քաղաքական միտքի նոր արտադրութիւններ ապահովելու աշխատանքին լծուելու», եզրափակեց Շ. Գանտահարեան:

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հատորի հեղինակը` փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան, որ յայտնեց, թէ առաջին անկախութեան կերտիչները տարագրութեան մէջ, ապա սփիւռքահայ մտաւորականներ միշտ վառ պահած են հայրենիքի գաղափարն ու անոր անկախութեան կարեւորութիւնը: «Սփիւռքահայ գործիչները քննադատում էին պոլշեւիկեան իշխանութեան նախկինի` ազգայինի մերժումի մոլուցքը, որ կարծէք կրկնօրինակուել է վերջին տարիներուն. հայ պոլշեւիկներու «նախկինը մերժելու» գաղափարը ցաւօք սրտի օրինակ դարձաւ նաեւ այսօր», ընդգծեց դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան: Ստեփանեան յայտնեց, թէ ինք պարտաւորուած կը զգայ շարունակելու սփիւռքահայ պատմագրութեան իր աշխատանքը` առարկայականօրէն բացայայտելու մերօրեայ սփիւռքահայ հասարակական միտքը: Այս առթիւ դոկտ. Ստեփանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի նախագահ Երուանդ Փամպուքեանին եւ Համազգայինին:

Իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ բարձր գնահատեց ձեռնարկի իրագործման բոլորին ճիգերը, յատկապէս հատորին հեղինակ` դոկտ. Ստեփանեանին, որ հայրենիքէն եկած է Լիբանան` մեզի յիշեցնելու, որ մենք դիմակալելու  հիմնահարց ունինք:

Աւարտին կատարուեցաւ հատորի գինեձօնը:

Նշենք, որ այս առթիւ մէջ ընդ մէջ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, ելոյթ ունեցաւ Մակար Եկմալեանի «Զարթիր որդեակ» եւ Ստեփան Էմմիեանի դաշնաւորած «Հայրենասէր» երգերով: Ելոյթ ունեցան նաեւ դաշնակի վրայ Սիրվարդ Սապունճեան, Յասմիկ Գասպարեան եւ Արմէն Ճենտէրէճեան` ջութակի վրայ, ինչպէս նաեւ Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Համաստեղի  «Հայու հոգին»:

 

Նախորդը

Դոկտ. Արաքս Փաշայեան. «Արցախի Հարցին Մէջ Իսլամական Գործօնը Համախմբեց Ազրպէյճանական Հանրութեան Տարբեր Բեւեռները»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Ու Լիւքսեմպուրկի Պատուոյ Հիւպատոսին

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?