Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը

December 20, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 19 դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համահայկական առաքելութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան կեդրոնացաւ յատկապէս կաթողիկոսարանի մշակութային առաքելութեան վրայ` անդրադառնալով զանազան բնագաւառներուն: Շխրտըմեան նաեւ յիշեց, թէ վեհափառ հայրապետը ո՛չ միայն նախաձեռնողն է կարեւոր աշխատանքներուն ու եզակի իրագործումներուն, այլ նաեւ գնահատողը անոնց իրագործման մասնակից դարձող մտաւորականներուն: Ներկայ հաւաքը, պատուելու համար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, պերճախօս վկայութիւն մըն է այս ուղղութեամբ:

Բացման խօսքին յաջորդեց վեհափառ հայրապետին պատգամը: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ մարդը արժէք կը դառնայ ոչ թէ իր ունեցածով, այլ ծառայութեան ճամբով իր տուածով` նախ Աստուծոյ, ապա իր եկեղեցւոյ ու ազգին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ նշեց, որ նահանջի ու անտարբերութեան մթնոլորտը սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել հայ կեանքին մէջ, ամէն տեղ: Որեւէ ժամանակէ աւելի մենք կարիքը ունինք Աստուծոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայողներուն` մեր հաւաքական կեանքին իրենց նուիրեալ ու գործօն մասնակցութեամբ: Խօսելով Հրայր Ճէպէճեանի մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ան իր ծառայութիւնը բերաւ գիրի ու գրականութեան ճամբով: Ան Աստուածաշունչը հասանելի դարձուց թէ՛ մտաւորականին եւ թէ՛ մանուկին ու պատանիին: Իր ծաւալուն աշխատանքներուն կողքին մնայուն ներկայութիւն դարձաւ հայ մամուլին մէջ` մտաւորական վաստակ ձեռք բերելով այդ բնագաւառին մէջ: Այսպէ՛ս արժեւորեց ան իր կեանքը եւ այսօր արժանի է Մեր գնահատանքին:

Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքէն ետք ընթերցուեցաւ հայրապետական սրբատառ կոնդակը, ուր վեհափառ հայրապետը բարձր կը գնահատէր դոկտ. Ճէպէճեանի երկար տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը: Կոնդակի ընթերցումէն ետք վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կուրծքը:

Հանդիսութեան աւարտին, դոկտ. Ճէպէճեան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով վեհափառ հայրապետին ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իբրեւ փարոս հայ մշակութային կեանքի ու հաւատքի առաքելութեան, միշտ կը մնայ բոլորին տունը: Հետեւաբար, այսօրուան պարգեւատրումը ինծի համար վերանորոգող մղիչ ուժ մը դարձաւ` իմ ծառայութիւնս աւելիով կատարելու հայ կեանքին մէջ:

Նախորդը

Հանդիսաւոր Նշում Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
Յարութեան Ընձեռած Յեղաշրջումը
Գաղութային

Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.