Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնական Բացում Եւ Օրհնութիւն` Այնճարի Գերեզմանատան Վերանորոգեալ Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս Մատրան

Դեկտեմբեր 15, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ քոյր համայնքներու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, գերեզմանատան մատրան վերանորոգութեան բարերար ու նախկին պետական  նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն, Այնճարի հոգեւոր հովիւ  Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան մատուցեց ս. պատարագ` Այնճարի գերեզմանատան Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս մատրան պաշտօնական բացման առիթով, իսկ առաջնորդ սրբազանը իր հայրական  պատգամը յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին:

Շահէ արք. իր պատգամով անդրադարձաւ ներկայի տիրող կեանքի դժուարութիւններուն եւ իբրեւ օրինակ` վեր առաւ Ս. Պօղոս առաքեալին` թեսաղոնիկէցիներուն ուղղուած երկրորդ նամակին առաջին գրութիւնը , ուր առաքեալը իր խօսքերուն մէջ քրիստոնեաներուն կ՛ըսէ. «Եղբայրնե՛ր, պարտք կը զգանք եւ արդար կը գտնենք ձեզի համար միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ ձեր հաւատքը հետզհետէ աւելի կ՛աճի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ աւելի կը խորանայ: Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ մենք կը պարծենանք ձեզմով, այն հաւատքին եւ համբերութեան համար, որ դուք ցուցաբերեցիք ձեր կրած բոլոր հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Թս. 1.3,4):

Եզրակացնելով պատգամը` ան վերոնշեալ նամակէն մէջբերեց եղբայրասիրութեան գաղափարը ու ըսաւ, որ արդի ժամանակները իրենց բերած նորաձեւութիւններով շատ բան փոխած են մեր կեանքին մէջ, որոնք պատճառ կը հանդիսանան մոռնալու մեր համայնքն ու մեր հարազատները. ուստի յորդորեց ժողովուրդը` մնալ անսասան իրենց քրիսոնէական հաւատքին մէջ եւ չկորսնցնել ուժանակութիւնը, մասնաւորաբար` մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ:

Այնուհետեւ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս  նորոգուած մատուռի օծման ու օրհնութեան հանդիսաւոր կարգը: Աւարտին, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց մատրան վերանորոգման նիւթաբարոյական  աջակցութիւն ցուցաբերած բարերար ամոլին եւ, յատկապէս, բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին Այնճար հայաւանին մէջ եօթը տարիներու անխոնջ ու նուիրեալ աշխատանքը եւ առիթէն օգտուելով` համայն գիւղացիներուն անունով անոր հրաժեշտի խօսք ուղղեց ու ըսաւ. «Այնպէս, ինչպէս որ Այնճարի հօտիդ վստահութիւնն ու սէրը շահեցար, նոյն թափով ու ոգիով աշխարհի որ ծագին ալ որ գտնուիս, շարունակես քու սրբազան առաքելութիւնդ` ի պայծառութիւն հայ ազգիս ու եկեղեցւոյս»:

Սրբազան հայրը նաեւ գնահատեց Այնճարի Ազգային գերեզմանատան յանձնախումբն ու Թաղական խորհուրդը` իրենց  կատարած շինիչ աշխատանքին համար:

Օրուան հոգեպարար արարողութիւնները աւարտեցան Այնճարի ժողովուրդին ուղղուած առաջնորդին բարեմաղթութիւններով եւ օրհնութիւններով:

Նախորդը

Սրբապատկերներու Օծում` Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայ Օգնութեան Միութեան Մեծ Կորուստը (Ընկերուհի Վանուհի Իսաջանեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?