«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 125.000 եւրօ յատկացուցած է Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն: Այս քայլը կը յաջորդէ 2021-ի սկիզբը դպրոցներուն կատարուած 650 գրասալիկներու (թապլեթներ) եւ 50 համակարգիչներու նուիրատուութեան:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Կիւլպէնկեանի Հայկական բաժանմունքը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններուն: Վերջին տարիներուն, բաժանմունքը Լիբանանի համար համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակած է` իւրայատուկ տեղ տրամադրելով հայ համայնքին մէջ գործող վարժարաններուն:
Այսօր Լիբանանը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն ծանր տնտեսական ճգնաժամերէն մէկը: Ի պատասխան` բաժանմունքը ժամանակաւորապէս սառեցուցած է 2020 թուականին սկսած դպրոցական նպաստներու իր ծրագիրը: Երեք դպրոցներու համապարփակ կրթական ծրագիրներու մշակումին աջակցելու փոխարէն, բաժանմունքը այժմ կ’աջակցի բոլոր դպրոցներուն` անոնց անյետաձգելի կարիքները հոգալու նպատակով:
Տրամադրուող այս օժանդակութիւնը մասնիկ մըն է Լիբանանի մէջ բաժանմունքին այլ նախաձեռնութիւններուն` կրթաթոշակներ, յատուկ կրթութեան ուղղուած ծրագիրներ, ուսուցիչներու վերաորակաւորում, հրատարակութիւններ եւ երիտասարդներու մշակութային ծրագիրներու աջակցութիւն:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք բաժանմունքին կայքը. https://gulbenkian.pt/armenian-communities/