Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Տօնավաճառ. «Լէյլաւանը Իսկական Հայկական Ընտանեկան Միջավայր Է, Ուր Հայորդիները Կ՛ապրին Քրիստոնէական Հաւատքով Եւ Հայկական Արժէքներով» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

December 29, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիսփիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, 25 եւ 26 դեկտեմբեր 2021-ին Լէյլաւանի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի տօնավաճառ:

Այս առիթով, շաբաթ, 25 դեկտեմբերին, ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ տօնավաճառին բացման հանդիսութիւնը, որուն, լէյլաւանցիներուն կողքին, ներկայ էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեան:

ԼՕԽ-ի «Հռիսփիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարիէթ Անթունեան, որ նշեց, թէ ԼՕԽ-ականները բծախնդրութեամբ եւ մեծ սիրով պատրաստած են համեղ քաղցրաւենիքը եւ ուտելիքները, որպէսզի հայորդիներու սեղաններուն վրայ ժպիտը անպակաս ըլլայ` հակառակ մեր ապրած տագնապալի եւ դժուար օրերուն:

Իր օրհնութիւնը տալէ ետք Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան գնահատեց շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղի ճիւղաւորուած եւ արդիւնաւոր գործունէութիւնը:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ Լէյլաւանը իսկական հայկական ընտանեկան միջավայր է, ուր հայորդիները կ՛ապրին քրիստոնէական հաւատքով եւ հայկական արժէքներով: Բագրատունի ըսաւ. «Դուք գիտէք իրարու օգնելու կարեւորութիւնը եւ գիտէք, որ միասնաբար ուժեղ ենք: Մինակ չէք, որովհետեւ Լէյլաւանի մէջ եւ Լէյլաւանէն անդին` այլ շրջաններու պատասխանատուները իրենց կարելին կը կատարեն լուծելու ձեր հարցերն ու տագնապները»:

ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը արժեւորելէ ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ժողովուրդին կողքին կանգնած է եւ լուռ ու անաղմուկ իր գործը պիտի շարունակէ կատարել, մինչ ուրիշներ կը փորձեն շահագործել մեր ժողովուրդի զաւակներուն ցաւը: «Մենք մէկ ընտանիք ենք եւ մեր ցաւերն ու ուրախութիւնը մեր ընտանիքին մէջ եւ մեր ընտանիքի անդամներուն հետ կը բաժնենք, կ՛ապրինք եւ բոլոր ժամանակներուն թիկունք կը կանգնինք», եզրափակեց Բագրատունի:

Յայտնենք, որ տօնավաճառին, անուշեղէնի կողքին, նաեւ ներկայացուած էին տուրմ, զարդեղէն եւ տօնական ու հոգեւոր իրեր: Երկու օրերու ընթացքին տօնավաճառը շարժարիթ հանդիսացաւ Լէյլաւանի մէջ ստեղծելու տօնական մթնոլորտ եւ քաջալեր հանդիսանալու ԼՕԽ-ի ծառայողական աշխատանքներուն:

 

Նախորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Օրուան Հրամայականն Է` Յեղաբեկել «Յեղափոխութիւն»-ը

Յաջորդը

Ծածուկ Ծիրանի Յամառ Տունկը Հոգեւոր

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.